
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 30 Ապրիլին, Երեւանի «Աւետիք Իսահակեան»ի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ գրական ցերեկոյթ մը` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին նահատակուած գրողներուն:
Նկատի ունենալով, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Եղեռնի նահատակներէն բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան 140ամեակը, ձեռնարկը ամբողջութեամբ նուիրուած էր անոր գրական վաստակին, կեանքին եւ գործունէութեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, որ կարեւոր նկատեց Ռուբէն Սեւակ գրողին ստեղծագործական հունձքը հայոց գրականութեան անդաստանին մէջ:
Գրողին ստեղծագործական կեանքին անդրադարձան գրականագէտներ Քնարիկ Աբրահամեան եւ Նաիրա Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի «Կենաց ծառ» կազմակերպութեան նախագահ Լուսինէ Գինոսեան:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Երեւանի Ռուբէն Սեւակի անուան դպրոցի աշակերտները` երգերով եւ թատերական դրուագներով:
Հնչեցին նաեւ Կոմիտաս վարդապետի երգերէն` երգչուհի Մարիա Խաչատրեանի եւ դաշնակահար Ռուզաննա Գրիգորեանի մեկնաբանութեամբ։
Ձեռնարկը վարեց եւ գրողին ստեղծագործութիւններէն ասմունքեց Գայեանէ Սամուէլեան:
Գրական ցերեկոյթը ամփոփուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով, որ ոչ միայն անդրադարձաւ Ռուբէն Սեւակ գրողի ստեղծագործական ուղիին, այլ նաեւ նշեց, թէ ան այն մտաւորականներէն էր, որ իր գործունէութեամբ երբեք անմասն չմնաց ազգի ճակատագիրէն` մնայուն կերպով մնալով ազգային արժէքներով ապրող եւ ազգային գաղափարախօսութեան սերմնացաններէն մէկը: