Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային երեսփոխանական ժողովի 10 Սեպտեմբեր 2013ի արտակարգ նիստին ընթացքին ներկայացուց իր հրաժարականը: Ազգային երեսփոխանական ժողովը բարձրօրէն գնահատելէ ետք առաջնորդ սրբազանին 18 տարիներու բոլորանուէր եւ արգասաբեր աշխատանքը, ընդունեց հրաժարականը եւ որոշեց, որ ատիկա իրողական կը դառնայ 2 Հոկտեմբեր 2013ին:
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2013ին, նկատելով, որ առաջնորդական աթոռը թափուր է, Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանի եւ Խառն ժողովի (Կրօնական ժողով եւ Ազգային վարչութիւն կամ Քաղաքական ժողով) միացեալ ժողովը, հիմնուելով Լիբանանի հայոց թեմի կանոնագրութեան 18րդ յօդուածին վրայ, առաջնորդական տեղապահ ընտրեց Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանը:
Առաջնորդական տեղապահ քահանայ հայրը իսկոյն ձեռնարկեց նոր առաջնորդի ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:
ԴԻՒԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ