
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504), հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, իսկ անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ իրաւաբան Մարք Կիրակոս: Գեղարուեստական յատագիրին պիտի մասնակցի երգիչ Գոռ Մխիթարեան:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներ կատարող «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան պատասխանատուներէն Կալա Տանիլովա:
«Հէյլօ Թրասթ»ը աշխարհի ամենահին ու ամենամեծ ականազերծման կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ Արցախի մէջ ականազերծման իր աշխատանքը սկսած է 1995ին:
1992-94ի պատերազմէն մնացած ականները կը շարունակեն մտահոգութեան ազդակ մնալ շրջանի ժողովուրդին համար: Պատերազմէն ետք ականներու պայթումին հետեւանքով առնուազն 350 զոհ կամ վիրաւոր արձանագրուած է Արցախի տարածքին: Կազմակերպութիւնը ցարդ կրցած է մօտաւորապէս 70,000 ական չէզոքացնել Արցախի մէջ, սակայն Մարտ 2013ի տուեալներով՝ տակաւին 144 ականուած դաշտեր կան Արցախի տարածքին:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 523-2878 թիւին կամ այցելել
www.LandmineFreeArtsakh.com կայքը: