ԵՐԵՒԱՆ.– Հոկտեմբեր 4ին, ուսողութեան վերաբերող մեքենաներու գիտահետազօտական հիմնարկի «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ սկսած է «Դիջիթէք Էքսպօ 2013» միջազգային արհեստագիտական սարքերու ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը։
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին տեղական, քանատական, սինկափուրեան, ռուսական եւ ամերիկեան 120 կազմակերպութիւններ: Ցուցահանդէսը այս տարի կը ներկայանայ առաւել մեծ ծաւալով եւ նոր ձեւաչափով: Առաջին յարկին վրայ երկրաչափական բնագաւառը կը ներկայացնեն շուրջ 30 ընկերութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, երկրորդ յարկին վրայ կան ծրագրային եւ համացանցային լուծումները, հեռահաղորդակցութեան, կրթութեան ոլորտները, երրորդ յարկին վրայ տեղակայուած են նորաստեղծ ընկերութիւնները, աշխատանքի տօնավաճառ բաժինը, «Տիճիլայֆ» սեմինարներու սրահ-ները, գործարար հանդիպումներու սրահը:
Ցուցահանդէսին կից տեղի պիտի ունենան նաեւ սեմինարներ, ներկայացումներ, արհեստագիտական աշխատանքի տօնավաճառ, «Արմ Ռոպոթիքզ»ի ցուցահանդէս, խաղերու մրցում եւ այլն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.