ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հարցաքննած է Փասատինայի համայնքային քոլեճի հոգաբարձական կազմին Ա. շրջանը ներկայացնելու համար իրենց անունը առաջադրած երեք թեկնածուները եւ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ալեքս Քելեճեանի ընտրապայքարին:
Ալեքս Քելեճեան Փասատինայի հայ համայնքի գործօն անդամներէն մէկն է եւ շարք մը իւրայատուկ առաջարկներ ունի՝ բարելաւելու համար Փասատինայի քաղաքային քոլեճի գործունէութիւնը:
Ան նախապէս եղած է քոլեճի ուսանողական շարք մը յանձնախումբերու անդամ, ինչպէս նաեւ զբաղեցուցած է Լա Քանիատայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան մէջ ուսանողներու վերապահուած աթոռը:
Քելեճեան նաեւ Լա Քանիատայի Երիտասարդական խորհուրդի ատենապետն է եւ Լա Քանիատայի պետական երկրորդական վարժարանի Հանրապետական ակումբին նախագահ:
«Փասատինայի քաղաքային քոլեճի ապագային նկատմամբ Ալեքսին տեսլականը տպաւորիչ է: Ան նաեւ համայնքի շարք մը կազմակերպութեանց մէջ տարած իր գործունէութեան ընթացքին ցուցաբերած է ղեկավարելու շատ լաւ ունակութիւն: Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Լա Քանիատա Ֆլինթրիճ, Լինտա Վիսթա եւ Սան Ռաֆայէլ շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Փասատինայի եւ Ալթատինայի արեւմտեան շրջաններու քաղաքացիներուն, որ Ալեքսի ի նպաստ քուէարկեն», կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Շողիկ Եփրեմեանը:
Յիշեցնենք, թէ Քելեճեանի ընտրապայքարին նեցուկ կը կանգնին նաեւ շարք մը այլ քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին՝ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչ, Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեան ու Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի փոքրամասնութեան ղեկավար Քանի Քանուէյ:
Ալեքս Քելեճեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.alexforpcc.com կայքը: Ընտրութիւնները պիտի կայանան Նոյեմբեր 5ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.