ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տարեդարձի տօնակատարութիւնները ազգային մեր մշակոյթին մէջ ընդհանրապէս ամէնէն ձանձրացուցիչ ձեռնարկները ըլլալու հռչակն ունին: Նախ յոբելեարի մեծարումը այնքա՛ն երկար կը տեւէ, որ ներկաները, ժամացոյցին նայելով՝ փախուստի ճանապարհներ որոնելու կը մղուին: Յոբելեարը, եթէ կենդանի անձ է, ինք նոյնիսկ կրնայ անհանգստանալ անվերջ ճառախօսութիւններէն:
«Ասպարէզ»ի 105րդ տարեդարձի տօնակատարութեան պիտի փորձենք այս կարծրատիպը քանդել: Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահը հաւաքուողներուն պիտի ներկայացուի օրուան խորհուրդին համապատասխան մէկ ժամնոց յայտագիր մը, որմէ առաջ ու ետք մթնոլորտը պիտի ըլլայ այնպէս մը, որ ժամացոյցին նայողներու թիւը մատի վրայ հաշուըւի: Տարեդարձի տօնակատարութիւնը կազմակերպող յանձնախումբը, իր գործը սկսելու առաջին պահուն իսկ այդ սկզբունքը որդեգրեց:
Յանձնախումբի յաջորդ քայլը եղաւ՝ քննադատել խմբագրութեան որոշումը՝ տոմսակի գինը հարիւր տոլար նշանակելու վերաբերեալ: Արդարացի քննադատութիւն էր, յատկապէս, երբ այս կարգադրութիւնը կը դիտեն «Ասպարէզ»ը «ժողովուրդին թերթ»ը ըլլալու յաւակնութեան չափանիշով: Ի՜նչ ժողովուրդի թերթ, եթէ միայն հարիւր տոլար ունեցողները պիտի կարենան ներկայ ըլլալ իրենց սիրած, յարգած հրատարակութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ-ձեռնարկին: Հազար տեսակ արդարացում, ճաշի ծախս (կը յուսանք հովանաւոր գտնել, ինչ որ մեր իսկ արդարացումը պիտի յօդս ցնդեցնէ), սրահի ծախս (սրահի պատասխանատուները միշտ մեզի հանդէպ բարի եղած են ու դիւրացուցած մեր գործը), երգիչ, նուագախումբ, թերթի համար եկամուտ ապահովելու առիթ եւ այլն, եւ այլն… այս բոլորը հասկնալի են, բայց եւ այնպէս…
Եւ որոշուեցաւ չմերժել ձեռնարկին ներկայ ըլլալու ոեւէ մէկուն իրաւունքը: Ինչպէ՞ս: Ձեւը կը գտնենք: Մեզ իմացուցէք, որ կ՛ուզէք գալ, մնացեալը՝ մեր գործն է:
VOGHCHOUNELI HOTVATS YEV TZANGALI TSRAKIR, HACHOGHOUTUINE!