
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Գրողներու միութեան արտակարգ համագումարը տեղի պիտի ունենայ 20-25 Հոկտեմբերին, երբ միութեան նախագահի թափուր աթոռին համար պիտի կատարուի արտակարգ ընտրութիւն: 8 Հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Էդուարդ Միլիտոնեանը:
«Գրողների միութիւնում ընտրուել է նախապատրաստական աշխատանքների յանձնաժողով: Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք այդ աշխատանքները թափանցիկ տանելու համար, որպէսզի համագումարն անցնի պարզ եւ թափանցիկ», յայտնած է ան։
Նախագահութեան համար կրնան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրուել միութեան սփիւռքահայ անդամները, քանի որ, անկախ բնակութեան վայրէն, անոնք կը նկատուին Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամներ: «Նախագահին կ՛ընտրեն միութեան 525 անդամ գրողները: Ընտրութիւնն աւելի հեշտ անցկացնելու համար որոշուեց մինչեւ Հոկտեմբերի 16ն, առաջին անգամ, թեկնածուներին տալ ծրագրերը «Գրական թերթ» շաբաթաթերթում տպագրելու հնարաւորութիւն: Դրանով կապահովուի Սփիւռքի եւ Արցախի մեր գրողների մասնակցութիւնը», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ այդ հանգամանքը զերծ պիտի պահէ աւելորդ խօսակցութիւններէ, իսկ նորընտիր նախագահին համար հետագային աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: