
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպուի Լոս Անճելըս այցելող Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճանի դէմ, որ հրաւիրուած է ելոյթ ունենալու Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին առջեւ:
Ցոյցը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6ին, «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին առջեւ (2151 Avenue of The Stars Los Angeles, CA 90067), ուր տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի հաւաքը:
Հանրակառքեր պիտի տրամադրուին տարբեր շրջաններէ ցոյցի վայրը ցուցարարներ փոխադրելու նպատակով: Հանրակառքերը ճամբայ պիտի ելլեն կ.ե. ժամը 4ին, հետեւեալ վայրերէն՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցի (500 South Central Ave., Glendale, CA 91204), Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի (5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316), Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարան (1615 N Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027), Ս. Խաչ եկեղեցի (900 West Lincoln Ave., Montebello, CA 90640) եւ Փասատինայի Հայ կեդրոն (2242 East Foothill Blvd., Pasadena, CA 91104):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/events/361483430652490/?ref=3&ref_newsfeed_story_type=regular կայքէջը:
Protest turkish lies, protest turkish denaials.protest turkish history engeenerings & kick in the ass of ali bababcan.