
Իսրայէլի հայերու «Արարատ» միութիւնը Սեպտեմբեր 25էն այդ երկիրի հայ բնակչութեան մարդահամար կ՛իրականացնէ: Կը հաշուարկուին նաեւ ծնունդով Հայաստանէն այլ ազգութիւններու ներկայացուցիչները:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ մարդահամարը կ՛իրականացուի տեղեկատուութեան հաւաքագրման համար եւ նպատակ ունի աւելի համախմբելու հայ համայնքը:
Հաւաքագրուած բոլոր անձնական տուեալները գաղտնի կը պահուին եւ հրապարակման ենթակայ չեն:
«Համախմբուած ըլլալով, հայ համայնքները ամբողջ աշխարհի մէջ ունին մեծ հեղինակութիւն եւ ազդեցիկ են, ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ հասարակական առումով: Եկէք դէպի այդ՝ առաջին քայլը ընենք», ըսուած է Իսրայէլի հայերու միութեան հաղորդագրութեան մէջ: