
Հալէպի մէջ սուրիական կառավարական ուժերու բացած Խանասերի ճանապարհին շնորհիւ վերականգնեցաւ սննդամթերքի եւ վառելանիւթի մատակարարումը: Այս մասին յայտնեց «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեան՝ նշելով, որ քաղաքի կենցաղային եւ ապահովութեան պայմանները կը շարունակեն ծանր մնալ: «Մէկուկէս ամիս է, որ չեն գործեր հաղորդակցութեան միջոցները, նոյնպէս արտաքին հեռախօսակապը: Կը գործէ միայն ներքին հեռախօսակապը: Վերջին օրերուն վերականգնեցաւ համացանցին հասանելիութիւնը: Ճիշդ է, որ Սուրիոյ հարցին առնչութեամբ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ դրական տեղաշարժ կայ, բայց ներքին վիճակը, յատկապէս Հալէպի մէջ եւ անոր շրջակայքը կը շարունակէ մնալ անապահով», ըսաւ ան: Ան շարունակելով յայտնեց, թէ հայկական վարժարանները, թէեւ ծանր պայմաններու տակ կը գտնուին, այդուհանդերձ սկսած են իրենց ուսումնական տարին եւ բարեյաջող կը գործեն:
«Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանի ջանքերով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութէան 22ամեակը: Յառաջիկայ օրերուն՝ Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի վտանգաւոր գօտիին մէջ յայտնուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՛ունենան Թարգմանչաց տօնին նուիրուած արարողութիւններ եւ աշակերտական ձեռնարկներ», նշեց Զարմիկ Պողիկեան:
ՄԱԿի տուեալներով՝ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր շարունակուող սուրիական պատերազմին հետեւանքով մինչեւ 2013 Ապրիլ մահացած է աւելի քան 100 հազար մարդ: Սուրիոյ մէջ ներքին գաղթականներու թիւը 4.5 միլիոն է, իսկ մօտակայ երկիրներուն մէջ գաղթականներու թիւը ՄԱԿի վերջին տուեալներով կը գերազանցէ 2 միլիոնը: