
ՖՐԵԶՆՕ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յանձնախումբի գործիչներէն Արթուր Համբար վերջերս առիթն ունեցած է հանդիպում մը ունենալու Ֆրեզնօ այցելած քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաոյի հետ:
Իրաւաբան Արթուր Համբար յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Քալիֆորնիոյ 21րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսականին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը հովանաւորելուն համար: