ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Բրիտանիոյ նորանշանակ դեսպան Իրֆան Սիտիկ, «Ազատութիւն» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նախագահական վերջին ընտրութիւնները կեղծուած նկատած է:
Դեսպանը յայտնած է, որ ամբողջութեամբ համաձայն է ԵԱՀԿի դէտերու տուած այն արժեւորման, թէ ընտրութիւնները ոչ ժողովրդավարական էին եւ կեղծուած՝ աւելցնելով, թէ անձամբ ականատես եղած է Ատրպէյճանի մէջ ընտրական կեղծարարութիւններու:
«Կը յուսանք, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը համապատասխան քայլերու կը դիմէ այս թերութիւնները դարմանելու ուղղութեամբ», ըսած է ան:
Դեսպանը ըսած է նաեւ, թէ քաղաքական դրդապատճառներով լրագրողներու եւ ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւնն ու կալանաւորումը վնաս կը հասցնէ Ատրպէյճանի հեղինակութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.