ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ քիմիական զէնքերու կանխարգիլման համաձայնութեան Սուրիոյ միացումը, սակայն ցաւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ սպանութեանց կշռոյթը չէ դանդաղած, հակառակ անոր, որ Սուրիոյ բանակը յաջողած է ընդդիմութեան զինեալները Դամասկոսի հարաւէն հեռացնել: Լուքաշեւիչ նշեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն կողմէ «յարանուանութեան հիմամբ սպանութիւններ կը գործադրուին եւ եկեղեցիներ յարձակումներու կ՛ենթարկուին»:
Միւս կողմէ, «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը հարուածած է «Քայիտա»ի հետ կապ ունեցող սուրիացի զինեալներու դիրքերը, իսկ «Ա.Էֆ.Փէ.»ն կը տեղեկացնէ, թէ իսլամ ծայրայեղական զինեալները գրաւած են Հալէպի կեդրոնական բանտը, որ զինեալներուն կողմէ պաշարուած էր Ապրիլէն ի վեր: Մինչ այդ, Տէր Զօրի մէջ Սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութեան հրամանատարներէն մէկը սպաննուած է Հինգշաբթի օր:
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին թուական մը չէ ճշդուած՝ ակնարկելով այն տեղեկութեանց, թէ ժողովը կրնայ տեղի ունենալ Նոյեմբեր 23-24ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.