Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը, որ յաջորդաբար եօթներորդ անգամն ըլլալով կը կատարուէր, տեղի ունեցաւ քաղաքի կեդրոնական շրջանի «Տապըլ Թրի» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ: Ներկայ էին շրջանէն ներս գործող քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին՝ Էտուըրտ Ռենտել (Ֆիլատելֆիոյ նախկին քաղաքապետ եւ Փենսիլվենիոյ կառավարիչ), Տէյլին Լիչ (Փենսիլվենիոյ շրջանէն ծերակուտական), Փեթրիք Միհըն (Փենսիլվենիոյ շրջանէն քոնկրեսական) եւ հետեւողական կերպով ի նպաստ Հայ Դատի գործող Ֆրենք Փըլոն (Նիւ Ճըրզի):
ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական Չօլոյեան կատարեց Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք պաշտօնապէս բացուած նկատուեցաւ մեծարանքի երեկոն: Օրուան հանդիսավարն էր Անդրանիկ Ղարիպեան, որ ամենայն նուիրումով եւ բծախնդրութեամբ կատարեց իր աշխատանքը: Ան յայտնեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը պիտի ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ:
Ֆիլատելֆիոյ նախկին քաղաքապետ եւ Փենսիլվենիոյ կառավարիչ Էտուըրտ Ռենտել բեմ բարձրանալով, յայտնեց, թէ ամէն գնով պէտք է պայքար մղել, կանխելու համար որեւէ ցեղասպանութիւն:
«Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերու եւ ողջակիզուած հրեաներու կրած դաժան ճակատագիրը օրինակ պէտք է ըլլայ քաղաքակրթուած աշխարհին, որպէսզի երբեք տեղի չտայ եւ չպատահին նմանօրինակ դէպքեր, որոնց վերջինը դեռ վերջերս Տարֆուրի մէջ պատահեցաւ», յայտնեց Ռենտել, որ շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի հայ գաղութին՝ իր կատարած աշխատանքներուն շարունակ թիկունք կանգնելուն համար:
Փենսիլվենիոյ շրջանի քոնկրեսական Փեթրիք Միհըն, իր կարգին, խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ պատմութիւնը կարելի չէ կեղծել եւ յատկապէս 2015ին պատշաճօրէն պէտք է նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Ան աւելցուց, թէ մարդկութեան խիղճը պէտք է բարձրանայ տեղի ունեցած դէպքին մակարդակին եւ ամբողջական ու յստակ կերպով ճանչնայ մարդկային սպանդը:
Փեսիլվենիոյ շրջանէն ծերակուտական Տէյլին Լիչ յանդգնօրէն ելոյթ ունենալով՝ շեշտեց, թէ թուրք-ազերի քարոզչական մեքենան բազմիցս գործի կը լծուի որեւէ հայանպաստ որոշումի դէմ գործելու: «Պատրաստ եմ, իմ կարգիս Հերիզպըրկ (Փենսիլվենիոյ մայրաքաղաք) երթալու եւ ամէն գնով պայքարելու…», շեշտեց ան, եւ եզրակացուց՝ ըսելով, թէ պայքարը պէտք է անյապաղօրէն շարունակել, որպէսզի ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգները ի՛նք իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչնայ Մեծ Եղեռնը, այլեւ մղէն իրեն դաշնակից թրքական իշխանութիւնները, որ ի վերջոյ հաշուի նստին եւ հաշտուին իրենց սեփական պատմութեան հետ՝ իրենց ժառանգած դառն ու դաժան պատասխանատուութեան տէր կանգնելով:
Հայ Դատի մօտիկ բարեկամ Ֆրենք Փըլոն (Նիւ Ճըրզի) իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ խիստ կարեւոր է նշել, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը նշանակելի յանգրուան մը բոլորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան աշխարհի կառավարութեանց ցարդ որդեգրած խուսափողական քաղաքականութեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ բանաստեղծ Աւիկ Տերենց, որ հայերէնով ասմունքեց:
«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ հանրահռչակ գրագէտ Քրիս Պոհճալեան, որ իր խօսքին մէջ ահազանգեց, թէ մէկուկէս տարի մնացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը նշելու: Ան ակնածանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի կատարած հետեւողական աշխատանքին առնչութեամբ:
Պոհճալեան տիպարը ներկայացուց Քոնկրեսէն ներս հայ-վրացական հարցերու մասնագէտ դոկտ. Լեւոն Աւտոյեան, որ իր կարգին հիացմունքով արտայայտուեցաւ անոր գրիչին մասին: Ան եզրակացուց՝ ըսելով, թէ հայկական գաղութները կը փորձեն իրենց դատին կարելի եղածին չափ շատ ճանաչում ապահովել արեւմտեան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի արեւմտեան հանրային կարծիքը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ՝ ճանչնալու Հայկական պատմական Ցեղասպանութիւնը, որ կը նկատուի քսաներորդ դարուն մարդկութեան դէմ գործուած առաջին սպանդը:
«Քարտաշեան» շքանշանը ստացաւ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր Հայ Դատին եւ հայութեան համար նուիրուած Զօհրապ Թազեան, որ Ինտիանայէն ժամանած էր իր ընտանեկան պարագաներուն հետ: Արա Չալեան ներկայացուց Թազեան տիպարը: Ան կարեւորեց շքանշանի ետին կանգնող անձը՝ Վահան Քարտաշեանը (1883-1934), որ եղած է փաստաբան եւ շատ սուղ վճարած՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու իր փորձերուն գինը: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Քարտաշեան 1908 թուականէն մինչեւ իր մահը (1934) պայքարած է մարդկութիւնը յուզող հիմնական հարցերով: Թազեան, իր կարգին, բեմ բարձրանալով, յուզուած արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատին, որ զինք նկատի առած էր, իբրեւ օրուան շքանշանակիր:
Փակման խօսքը փոխանցեց ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէիի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան, որ կոչ ուղղեց ամէն գնով շարունակելու աշխատանքը: Ան յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը միակը չէ Արեւմուտքի մէջ. արեւմտեան աւելի քան 25 պետութիւններու խորհրդարաններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպող յանձնախումբին, որ լաւապէս կազմակերպած էր այս մեծարանքի ձեռնարկը:
Աւարտին աղօթքը կատարեց շրջանի Ամենայն Հայոց Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ Գէորգեան:
Յայտագիրէն առաջ կատարուած աճուրդի արդիւնքով, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Այս գծով, պաշտօնի լծուած յատուկ յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ճիմ եւ Նորա Գիզիրաններու, գործի լծուած էր կազմակերպելու համար այս ձեռնարկը: Անոնց կողքին ժրաջանօրէն գործած էին Լորիկ Պարոնեան, Թամար Քանարեան, Անի Տէյիրմէնճեան-Տիզ, Թամար Չալեան, Ռաֆֆի Քարաքաշեան, Րաֆֆի Հովակիմեան, Սթիւ Մեսրոպեան եւ Արամ Յովակիմեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ