
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Դպրոցական նոր տարեշրջանին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ աշակերտներն ու ուսանողները իրենց ամէնօրեայ դասերուն կողքին, արդէն իսկ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» (GenNext) խորհրդատուական ծրագիրի նոր նախաձեռնութիւններուն:
Իրենց կարգին, ծրագիրի պատասխանատուները շրջանի կազմակերպութեանց հետ գործակցութեան նոր համաձայնութիւններ գոյացուցած են, 12-18 տարեկան պատանիներու եւ երիտասարդներու տրամադրուող սպասարկութեանց դաշտը ընդարձակելու նպատակով: Այդ կազմակերպութիւններէն են «Տիտի Հըրշ» համայնքային կեդրոնը, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճը եւ Կլենտէյլի «Առողջ երեխաներ» կազմակերպութիւնը:
Կլենտէյլի ոստիկանապետ Ռանըլտ տի Փոփմա կը դրուատէ ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ»ի աշխատանքները՝ զանոնք նկատելով նոր սերունդը դէպի յաջողութիւն մղելու կարեւոր գործիք մը:
ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» ծրագիրի պատասխանատուները արդէն իսկ աշխատանքի անցած են՝ Կլենտէյլի քոլեճի հայ ուսանողներուն մէջէն ընտրելու յարմար խորհրդատուներ, իսկ «Տիտի Հըրշ» համայնքային Կլենտէյլի համայնքային կեդրոնին հետ կը ծրագրուի կազմակերպել սեմինարներ, որպէսզի ծնողներուն փոխանցուի իրենց զաւակներուն համացանցային հաղորդակցութիւններուն լաւագոյն ձեւով հետեւելու միջոցներ, մինչ նոյն այդ զաւակները կրնան կեդրոնին կից գտնուող Երիտասարդ կանանց քրիստոնեայ միութեան (YWCA) համակարգիչի կեդրոնին, լողաւազանին ու մարզական կեդրոնին մէջ իրենց ժամանակը անցընել ձրիաբար, շնորհիւ միութեան եւ ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» ծրագիրին միջեւ գործակցութեան համաձայնութեան, որ գոյացաւ նախորդ տարիներուն:
Նման նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ խորհրդատուներուն եւ ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն ու երիտասարդներուն միջեւ կապերը ամրապնդել, ինչ որ ծրագիրի յաջողութեան գրաւականներէն մէկն է:
ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» ծրագիրի նպատակներէն մէկն է մասնակիցներուն ինքնավստահութիւնը զօրացնել՝ նոր կարելիութիւններու դռներ բանալով անոնց առջեւ:
Այս ամառ, ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» ծրագիրը 80,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ՝ շնորհիւ ՀԲԸՄի «Ֆոքըս 2013» նախաձեռնութեան, ինչ որ պիտի նպաստէ ծրագիրի յառաջդիմութեան:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.agbugennext.org կայքը կամ դիմել info@agbugennext.org հասցէին: