ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 6ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, Վաչէ արք. Յովսէփեանի, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի եւ Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեանի մասնակցութեամբ, Ս. պատարագ մատոյց ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը:
Երգչախումբին կողմէ կատարուած «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին կողմէ յղուած կոնդակը ձեռին, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, իր կողքին ունենալով Արտեմ Սարգսեանը եւ կինը՝ Ալինա Խաչատրեանը, սարկաւագներով եւ քշոցակիրներով առաջնորդուեցաւ դէպի տաճարի դասը: Հայր սուրբը, Ս. խորան բարձրանալով՝ ընթերցեց հայրապետին կոնդակը, ուր կը նշուէր, թէ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանը կը յանձնուի Արտեմ Սարգսեանի:
Կոնդակի ընթերցման աւարտին, սրբազան հայրը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով զարդարեց Արտեմ Սարգսեանի կուրծքը ու ջերմագին շնորհաւորեց մեծարեալն ու կողակիցը, ապա անդրադարձաւ Սարգսեանի երկարամեայ եւ բազմակողմանի ծառայութիւններուն:
Արտեմ Սարգսեան եղած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակա-դեմիոյ ակադեմիկոս, թղթակից անդամ եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր է: Ան անցած 45 տարիներուն ընթացքին մեծ թիւով գիտական աշխատութիւններ հրատարակած է, կատարած բազմաթիւ թարգմանութիւններ ու գրած պատմա-գեղարուեստական ուսումնասիրութիւններ: Ան պաշտօնավարած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան մէջ, որպէս հայագիտական առարկաներու պատասխանատու, եւ ծառայած է որպէս փոխտեսուչ, ապա տեսուչ՝ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ: Արժանացած է պարգեւատրումներու եւ միջազգային մրցանակի:
Դոկտ. Սարգսեան հանրաճանաչ է իր գիտական գնահատելի աշխատանքներով: «Ամազոն» (ԱՄՆ) հրատարակութիւնը 2012ին լոյս ընծայած է Արտեմ Սարգսեանի «12.21.12. Փրկութեան Բանալին» գիրքը՝ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, որ լայն ընդունելութիւն գտած եւ արժանացած է բազմաթիւ գրախօսութիւններու:
Սրբազան հայրը նաեւ ընթերցեց Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի Անդրանիկ կոնդակէն հատուած մը՝ նուիրուած ուսուցիչներուն:
Սրբազանը նաեւ հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց Մոսկուա, Ս. Էջմիածին եւ Բրիտանիա կատարած իր այցելութեանց մասին:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Հանդիսավար Հրաչ Սեփեթճեան կատարեց բացումը եւ ապա ընթերցեց իր հօր՝ Արամ Սեփեթճեանի կողմէ, Լիբանանէն յղուած շնորհաւորագիրը՝ ուղղուած Արտեմ Սարգսեանին:
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան հանգամանօրէն ներկայացուց Արտեմ Սարգսեանը եւ նշեց անոր կատարած գնահատելի ծառայութիւնները, զանազան մարզերէ ներս: Ապա իր ջերմագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց:
Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան իր սրտի խօսքը ուղղեց եւ գիրքէ մը մէջբերում կատարեց Արտեմ Սարգսեանի մասին: Ապա, մեծարեալը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ զինք պարգեւատրած էր «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ միջնորդութիւն կատարած էր՝ խնդրագիր յղելով վեհափառ հայրապետին, եւ յայտնեց, որ պիտի շարունակէր աստուածատուր իր առաքելութիւնը՝ նուիրուելով հայ գիրին ու մշակոյթին:
Փակման խօսքը կատարեց սրբազանը, որ անգամ մը եւս շնորհաւորեց մեծարեալը, անդրադարձաւ իր բազմակողմանի կարողութիւններուն եւ շեշտեց, որ Ալինա Խաչատրեանը միշտ իր կողքին եղած է եւ զօրավիգ կանգնած իրեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.