Սեպտեմբեր է ու դարձաել ուսումնական վերամուտ է: Ամրան քանի մը ամսուան արձակուրդէն ետք, ամէնօրեայ կամ միօրեայ բոլոր վարժարանները կրկին անգամ բացած են իրենց դռները: ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի հովանին վայելող մասնաճիւղերու շաբաթօրեայ վարժարանները, 2013-14 ուսումնական տարեշրջանին համար իրենց դռները բացին:
Կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, թէ մեծապէս գնահատելի է ՀՕՄի ընտանիքի այս նախաձեռնութիւնը: Այլ խօսքով՝ ՀՕՄը մեր ժողովուրդին ընկերային բազմազան ծառայութիւններ մատուցելու կողքին, ի գին մեծ զոհողութիւններու, հայ փոքրիկին հայեցի կրթութեամբ եւս կը զբաղի:
Բոլորին նման, ՀՕՄի Քրեսենթա հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանն ալ պաշտօնապէս իր դռները բացաւ Շաբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2013ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10ին:
Վերամուտի այս առաջին օրը, վարժարանէն ներս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուած էր: Հայ կեդրոնի փոքր սրահին մէջ անօրինակ սակայն հաճելի իրարանցում մը կը տիրէր: Դպրոցին մէջ, փոքր թէ մեծ, նախկին թէ նորեկ աշակերտներու եռուզեռն ու ժպտուն դէմքերը ակներեւ էին: Զանազան պատճառներով իրենց զաւակներու ամէնօրեայ վարժարաններէ զրկուածութեան գիտակցելով՝ բոլոր ծնողները, ի խնդիր հայապահպանման, իրենց փոքրերը (4էն մինչեւ 13 տարեկան) առաջնորդած էին Շաբաթօրեայ այս վարժարանը, հայերէն գիր ու լեզու, երգ ու պատմութիւն սորվելու համար:
Աշակերտներ, ծնողներ, տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ շաբաթ մը առաջ իսկ, արձանագրութեան օրը, փոխադարձ ծանօթացման հարազատ պահեր ստեղծած էին: Այս շրջանին աւելի քան 50 աշակերտ-աշակերտուհիներ, ոմանք իրենց ծնողներուն հետ, նախ հաւաքուեցան դպրոցի սրահը: Նախկին ու նորեկ աշակերտներ, հետաքրքրութեամբ ու խանդավառութեամբ մօտենալով վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնին՝ կը զրուցէին, կը ծանօթանային եւ ապա անհամբեր կը սպասէին դասապահի ազդին:
Ներկայութեամբ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ եւ վարժարանի կամաւոր ուսուցչուհի Ծաղիկ Գատեանի, վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան բարի գալուստի խօսքեր, յարատեւութեան, պարտաճանաչութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ ուղղեց բոլորին: Տէրունական աղօթքէն եւ «Հայ Աշակերտի Ուխտ»ի արտասանութիւններէն ետք, տնօրէն Պետիկեան կրկին անգամ ողջունեց աշակերտներուն հայ վարժարան՝ իրենց երկրորդ տուն, վերադարձը:
Ան վեր առաւ ծնողներու ու վարժարանի ուսուցչուհիներուն գիտակից ոգին ու մօտեցումը, մեծապէս ու բարձր գնահատեց ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անդամուհիներուն անսակարկ ծառայասիրութիւնն ու զոհաբերութիւնը՝ յանուն մեր նոր սերունդի հայապահպանման եւ Շաբաթօրեայ վարժարանը կանգուն եւ հաստատ պահելուն, ապա յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց բոլորին: Ապա պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ ուսումնական նոր տարեշրջանը, իսկ աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ անցան իրենց համար ճշդուած դասարանները:
Տնօրէնը իր շուրջ հաւաքելով ներկայ գտնուող ծնողները՝ խօսքը ուղղեց անոնց եւ շեշտեց, թէ վարժարանի յաջողութիւնը մեծապէս կախեալ է աշակերտ-ուսուցիչ-ծնողք-տնօրէնութիւն համագործակցութեան ոգիէն եւ տարողութենէն: Պետիկեան ջերմապէս յորդորեց վարժարան ներկայ գտնուող ծնողները, որպէսզի իրենց կարգին անդամակցին ՀՕՄին, հայ կանացի այս մեծ միութեան, ու խտացնելով անոր շարքերը՝ իրենք եւս դրական եւ գործնական կերպով մասնակից դառնան հայակերտումի եւ հայապահպանման զանազան աշխտանքներու:
Ան կրկին անգամ գնահատեց ծնողներուն ունեցած հաւատքն ու գիտակցութիւնը հայ դպրոցի առաքելութեան հանդէպ, ու երախտագիտական խօսքերով արտայայտուեցաւ իրենց զաւակները հայկական վարժարան առաջնորդելու անոնց զոհաբերութեան ու զոհողութեան մասին:
Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ հաճելի էր տեսնել ներկայութիւնը վարժարանէն շրջանաւարտ աշակերտուհիներու, որոնք սիրայօժար եկած էին օգտակար դառնալու իրենց սիրելի վարժարանին, զոր աւելի քան չորս կամ հինգ տարի յաճախած էին ու հոն ստացած իրենց հայեցի կրթութիւնը:
Անկասկած, որ հայ ամէնօրեայ վարժարան յաճախելու առիթէն զրկուած այս աշակերտներուն ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս ներկայութիւնը մեզի կը պարգեւէ սիրտի գոհունակութիւն եւ մեծ ուրախութիւն:
Ահաւասիկ հայ աշակերտը կրկին անգամ կը վերադառնայ իր սիրելի, երկրորդ եւ հարազատ տունը՝ հայ վարժարանը: Բարի երթ բոլորին:
Վարժարանի հասցէն է՝ Armenian Center, 2633 Honolulu Ave, La Creseenta, CA 91020:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, հեռաձայնել տնօրէն Գէորգ Պետիկեանին՝ 818-636-8771 թիւով:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)