Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ Վահէ Պարսումեանի ցուցահանդէսին՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ օտար արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու:
Բարի գալուստի խօսքը ֆրանսերէնով փոխանցեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեան: Ապա արուեստագէտը հայերէնով ներկայացուց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեանը: Ան յայտնեց, որ արուեստագէտ Վահէ Պարսումեան ծնած է Լիբանան, սակայն իր ստեղծագործական կեանքը շարունակած է Եւրոպայի մէջ եւ հետեւած նկարչական միջազգային զանազան դպրոցներու ու ոճերու: Տէրտէրեան աւելցուց, որ Պարսումեան արուեստագէտ ըլլալու կողքին նաեւ արուեստի պատմութեան հմուտ անձնաւորութիւն մըն է եւ այս իմաստով ունի իր վաւերական տեսակէտները: Ան նշեց, թէ Պարսումեան մտաւորական արուեստագէտ մըն է, եւ անոր խօսքը ունի կշիռ ու հմայք:
Բացման հանդիսութեան վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց Վահէ Պարսումեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի տնօրէնութեան, որ առիթ ընձեռեց իրեն երկար տարիներու բացակայութենէ ետք Լիբանանի մէջ կայացնել իր այս ցուցահանդէսը՝ մաղթելով բարի վայելում բոլորին:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 Հոկտեմբեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.