ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը միջազգային ընտանիքին յաջողութիւնը պիտի ըլլայ: Քրեմլինի մէջ, դեսպաններու հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան մը ընթացքին, Փութին ըսաւ, թէ ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ Սուրիոյ տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու Ռուսիոյ սեփական կեցուածքը երկիրներու մեծամասնութեան աջակցութեան արժանացաւ՝ վերահաստատելով տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու հրամայականը:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Նոյեմբեր 5ին հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներու հետ՝ «Ժընեւ-2»ի գծով:
Մինչ այդ, Իպրահիմի Ամմանի մէջ յայտարարեց, որ գրեթէ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի այն հարցին շուրջ, թէ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում մը չունի:
Նաեւ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ ՄԱԿի մասագէտները արդէն իսկ սկսած են Քիմիական զէնքերու արգիլման կազմակերպութեան փորձագէտներու հետ աշխատելու՝ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու համար:
Վերջապէս, ՄԱԿի մօտ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Ապտալլա Մուալլեմ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ կարելի չէ Սուրիոյ կացութիւնը քիմիական զէնքի գործածութեան հարցով սահմանափակել: Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը կը շարունակէ «իր ժողովուրդը բնաջնջելու արշաւը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.