ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի աղմկայարոյց սպանութիւնը վեց տարիէ ի վեր կը մնայ հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտը:
Հակառակ անոր, որ Վճռաբեկ ատեանը Սեպտեմբեր 17ին բեկանեց դատարանին նախկին որոշումը, կայ այն տպաւորութիւնը, որ դիտումնաւոր կերպով երեւան չեն հանուիր այս սպանութեան մութ ծալքերը։ Ոմանց համաձայն՝ Տինքը սպաննած ազգայնամոլ յանցագործ խմբակին գլուխը կանգնած էր «երէց եղբայր» Էրհան Թունճել, որ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին դարձեալ ձերբակալուեցաւ:
Թունճել Տինքի սպանութենէն տասը օր ետք ձերբակալուած էր, սակայն Յունուար 2012ին անպարտ արձակուած։
Կասկած չկայ, որ Թունճել Տինքի սպանութեան բանալի դէմքերէն մէկն է, ու եթէ ան ճշմարտութիւնները ըսէ, կրնայ լոյս սփռել դատավարութեան հետագայ գնացքին վրայ։
Ձերբակալութենէն ետք իր առաջին իսկ յայտարարութիւնները խիստ կարեւոր էին ու կրկին օրակարգի կը բերէին Տինքի փաստաբաններուն այն պնդումը, թէ «Ակօս»ի խմբագրապետը սպաննուած էր պետութեան հրահանգով։ Արդարեւ, ան յայտարարեց. «Ահաւասիկ ա՛յս է պետութեան ծառայելու արդիւնքը» եւ աւելցուց նաեւ, որ իրեն համար պատիւ է ձերբակալուիլ այն օրը, երբ մահապատիժի ենթարկուած էր Թուրքիոյ նախկին վարչապետներէն Ատնան Մենտերեսը։
Թունճել, որ ոստիկանութեան գործակալ մըն էր, նախապէս ըսած էր. «Իրաւունքներս ոտնահարուեցան, ինքնութիւնս բացայայտուեցաւ. ես յանկարծ դարձայ գլխաւոր ամբաստանեալը: Գաղտնօրէն ունկնդրուեցայ: Երբ սպանութիւնը կը ծրագրուէր, բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին տեղեակ պահեցի պատկան մարմինները, բայց հիմա միա՛յն իմ վրայ է, որ բարդեցին ամբողջ մեղքը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.