ՄՈՍԿՈՒԱ.- Թուրքիոյ մէջ Յունիսի ցոյցերու խորհրդանիշներէն մէկը՝ Պոլսոյ «Տիւան» պանդոկը, միջազգային հեղինակաւոր «Հիւրասիրութեան եւ նորարարութեան» մրցանակին արժանացած է. այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իթար-Թասս»ը: Մրցանակը կը շնորհուի «Փի.Քէյ.ԷՖ.» միջազգային խորհրդատուական հեղինակաւոր կազմակերպութեան կողմէ:
Թուրքիոյ ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ բուռն բախումներու ընթացքին, պանդոկը ուշադրութիւն գրաւած էր այն իրողութեամբ, որ, ի տարբերութիւն այլ պանդոկներու՝ ցուցարարներուն առջեւ իր դռները չէր փակած: Պանդոկը կը գտնուի «Կեզի» հանրապարտէզին կից ու անոր նախասրահը դարձած էր դաշտային հիւանդանոց, ուր հանգստացած կամ պահուըտած էին ցուցարարները: Պանդոկի պատասխանատուները զանոնք կերակրած էին, անոնց թոյլ տուած գործածել լուացարանները, ինչպէս նաեւ հեռաձայններ յատկացուցած անոնց: Այս համարձակ քայլերուն համար է, որ պանդոկը պարգեւատրուած է:
«Տիւան»ը կը պատկանի «Կո»չ ընկերութեան, որուն սեփականատէր Ալի Կոչի կը պատկանի պանդոկներու ցանց մը՝ Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր: Կոչ սպառնացած էր գործէ արձակել իր պանդոկներու այն պաշտօնեաները, որոնք կը համարձակին դռները փակել ցուցարարներուն դիմաց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.