– «Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ 38 օր փախստական մնալէ ետք, այս շաբթուան ընթացքին Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով դարձեալ ձերբակալուած Էրհան Թունճել մեծ ակնածանք ունի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի մահափորձի հեղինակ Մեհմետ Ալի Աղճայի հանդէպ։ Ըստ թերթին՝ անոնք յաճախ երկար զրոյցներ կ՛ունենային Թունճելի բնակարանին մօտակայ սրճարանի մը մէջ։ Հանդիպումները շարունակուած են մինչեւ այն օրը, երբ Վճռաբեկ ատեանը Թունճելը դարձեալ ձերբակալելու որոշում արձակած էր։ Ըստ թերթին՝ սրճարան գտնուողները զարմացած են, որ Թունճել փախուստ տուած է՝ հարց տալով. «Ան պետութեան մարդը չէ՞»։
– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատարարեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մտադիր է Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ոչնչացման ծրագիրին 6 միլիոն տոլար եւս յատկացնել: Ուաշինկթըն արդէն իսկ 55 միլիոն տոլար արժող զրահապատ մեքենաներ տրամադրած է այս աշխատանքին:
– Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի կառավարութիւնը մերժած է արտօնութիւն տալ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալիհ Մուսլիմի՝ իրաքեան քրտական շրջաններ մուտք գործելու: Ան սահմանին վրայ 5 օր սպասելէ ետք հեռացած է:
– Թուրքիոյ Ժողովրդավարացման ծրարը ժլատ մնացած է քրտերէնով ուսուցման հարցին գծով։ Ծրարը տնօրինեց, որ մայրենի լեզուի դասաւանդութիւն կատարուի միայն սեփական վարժարաններու մէջ, հակառակ անոր, որ կ՛ակնկալուէր մայրենի լեզուներու դասաւանդում նաեւ պետական վարժարաններու մէջ։ Այս գծով բուռն դժգոհութիւն կը յայտնեն այն ուսուցիչները, որոնք մէկ տարի հետեւեցան կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած քրտերէնի դասընթացքներուն, իսկ հիմա անգործ են:
– Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի նախագահութիւնը կոչ ըրաւ փակելու Մարտինի սահմանադուռը՝ պնդելով, թէ այնտեղէն Թուրքիա մուտք կը գործեն ոչ թէ սուրիացի գաղթականներ, այլ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Սուրիոյ մասնաճիւղի անդամներ:
– ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ դրացի երկիրներ ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը գերազանցած է երկու միլիոնը եւ հաւանական է, որ մինչեւ տարեվերջ, այդ թիւը հասնի 3 միլիոնի։
– Ըստ «Պիզնես Ինսայտըր»ի՝ աշխատաւորական լաւագոյն ուժը ունեցող տասը երկիրներն են՝ Զուիցերիա, Ֆինլանտա, Սինկափուր, Հոլանտա, Շուէտ, Գերմանիա, Նորվեկիա, Բրիտանիա, Դանիա եւ Քանատա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.