
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պոլսոյ մէջ, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող «Իսլամացուած Հայեր» գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենար Հոկտեմբեր 11-13, յետաձգուած է եւ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 8-10:
19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ քաղաքական եւ հասարակական փոփոխութեանց ժամանակաշրջան էր, երբ տեղի ունեցած են նաեւ անհատական եւ զանգուածային կրօնափոխութեան դէպքեր: Տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին, տարբեր գործընթացներու հետեւանքով, մեծ թիւով հայեր իսլամացած են: Անոնց թիւը յատկապէս աճած է 1915-1916 տարիներուն:
Մինչեւ վերջերս, պատմութեան մէջ լուռ անտարբերութիւն կար իսլամացուած հայերուն նկատմամբ, սակայն այդ մէկը որոշակիօրէն խախտուած է վերջին տարիներուն հրապարակուած աշխատութիւններով:
Գիտաժողովին նպատակը իսլամացուած հայերուն դիմագրաւած հարցերու, դժուարութիւններու եւ անոնց հետեւանքներու ըմբռնումն է, ինչպէս նաեւ՝ այդ լռութեան խախտման գործընթացի ուսումնասիրութիւնը: Գիտաժողովին ընթացքին կ՛ակնկալուի նաեւ անցեալի եւ ներկայի բռնութիւններու, խտրկանութեանց եւ անարդարութեանց շարք մը դէպքերու քննարկում: