
Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Մոնթեվիտէոյի «Քրիսթըլ Փալաս» պանդոկի հանդիսասրահին մէջ մեծարեց Հայ Դատին սատար հանդիսացող երեք ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչներ՝ ծերակոյտի անդամ Ռաֆայէլ Միքելինի, երեսփոխան Ռուբէն Մարթինես Ուելմօ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ, այժմ պատգամաւոր Խորխէ Օրիքօ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Տիանա Իթութմազէն, այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեան ներկայացուց ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինը: Նալպանտեան Միքելինը նկատեց մղիչ ուժը Փարալասուրին (Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու միացեալ խորհրդարան) մէջ Հայոց Ցեղասպանութէան ճանաչման, ինչպէս նաեւ պետական մակարդակով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան մը ստեղծելու գլխաւոր դերակատարը:
Ուրուկուէյի առաջին տիկին եւ ծերակոյտի անդամ Լուսիա Թոփոլանսքի ներկայացուց երեսփոխան Ռուբէն Մարթինես Ուելմօն՝ նկատել տալով, որ Հայ Դատի պաշտպան մը ըլլալէ աւելի, Ուելմօ Հայ դատը ուսումնասիրող քաղաքական գործիչ մըն է:
Ուրուկուէյի փոխնախագահ Տանիլօ Ասթորի, ներկայացնելէ առաջ խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ այժմ երեսփոխան Խորխէ Օրիքօն, նշեց, որ Ուրուկուէյը՝ իբրեւ կառավարութիւն եւ ժողովուրդ, մեծ սէր կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Երեք մեծարեալները իրենց շնորհակալական խօսքին ընթացքին կրկին հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը կարելի բոլոր միջոցներով պաշտպան կանգնելու հայ ժողովուրդի դատին:
Աւարտին Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ մեծարեալներուն յանձնուեցան խորհրդանշական յուշանուէրներ: