
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի թիւ 44 դպրոցին մէջ 29 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած դպրոցի անուանակոչութեան պաշտօնական արարողութեան եւ Երեւանի աւագանիին որոշումով, անիկա կոչուեցաւ պոլսահայ նշանաւոր լրագրող, հրապարակախօս Հրանտ Տինքի անունով: Հրանդ Տինքի անունը կրող յուշատախտակի բացումը կատարեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք:
Ապա տեղի ունեցած է այս առիթով կազմակերպուած «Ես Հրանդ Տինքն եմ» խորագիրը կրող ձեռնարկ: Ներկաներուն ուղղուած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ընդգծած է, որ մեծ պատիւ է կրթութիւն ստանալ ու դաստիարակուիլ Հրանդ Տինքի անունը կրող դպրոցին մէջ, որովհետեւ այս անձնաւորութեան կենսագրութիւնը արդէն իսկ մեծ խորհուրդ է բոլորին ու յատկապէս ներկայ սերունդին համար. «Հրանդ Տինքը որպէս ուսուցիչ, որպէս խմբագիր, որպէս հրապարակախօս, իր ասելիքներն ու գրուածքները, իր կերպն անընդհատ ուսումնասիրման առիթ է լինելու բոլորիս համար: Միեւնոյն ժամանակ նաեւ խորհուրդ՝ մեր հոգածութեան ներքոյ առնելու սփիւռքի մեր իւրաքանչիւր զաւակին, քանզի նրանց մէջ են նաեւ ստեղծագործ կերպերը, որոնք շարունակում են պահպանել հայ ինքնութիւնը, տեսակը եւ հայեցի դրսեւորումները: Գնահատելի է, որ այսօրինակ ջերմութեամբ է այսօր անուանակոչւում այս դպրոցը, այսպիսի յարգանքով ու, որ ամենակարեւորն է, ազգայինի գիտակցմամբ», նշած է Արամ Սուքիասեանը:
Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետին նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ հրանտինքեան ոգիով ու շունչով առլցուն օրուան համար: