ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մինչեւ 2013ի աւարտը «Ամերիաբանկ»ը վարկային թղթածրարը պիտի հասցնէ 80 միլիոն տոլարի: 30 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է յաճախորդներու բաժինի տնօրէն Գագիկ Սահակեան: Անոր համաձայն՝ 2013ին դրամատունը գրեթէ երկու անգամով աւելցուցած է այս բնագաւառի թղթածրարին արժէքը։ Եթէ նախորդ տարուան երրորդ եռամսեակի աւարտին անիկա 37.5 միլիոն տոլար էր, ապա այս տարուան նոյն ժամանակաշրջանին եղած է 73.3 միլիոն: «Մինչեւ տարեվերջ ցանկանում ենք այդ ցուցանիշը հասցնել 80 միլիոնի եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, մեզ դա կը յաջողուի», յայտնած է Սահակեան:
Այս տարուան ընթացքին փոքր եւ միջին առեւտուրին յատկացուած է 237 վարկ: «Վարկեր է տրամադրում նաեւ Ստեփանակերտի մեր մասնաճիւղը, ուստի առանձին երախտագիտութիւն եմ ցանկանում յայտնել մեր ղարաբաղեան գործընկերներին», յայտնած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.