ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին կայանալիք քաղաքի տեղական ընտրութեանց ընթացքին նեցուկ կանգնիլ քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան մասնակցող 7 թեկնածուներէն երկուքին՝ Վիվիան Ռոմերոյի ու Արթ Պարահասի:
Մոնթեպելլոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Բագրատունի կը յայտնէ, թէ վարչութիւնը հասած է այն եզրակացութեան, որ Ռոմերոյի ընտրութիւնը եւ Պարահասի վերընտրութիւնը պիտի համընկնին Մոնթեպելլոյի հայութեան շահերուն:
«Իբրեւ հանրային մարզի փորձառու սպասարկուներ, այս երկու թեկնածուները իրենց կարելին պիտի ընեն մեր համայնքի արժէքները ներկայացնելու», կը նշէ ան:
Բագրատունի նաեւ կը յիշեցնէ, թէ տարիներով քաղաքի հայութեան հետ մօտիկ կապեր ունեցող Պարահաս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր քաղաքին հրշէչի ինքնաշարժներէն մէկը Արցախի իշխանութեանց նուիրելու աշխատանքին մէջ՝ աւելցնելով, թէ կ՛ակնկալուի, որ այս սերտ գործակցութիւնը շարունակուի:
Իր կարգին, Ռոմերօ եղած է քաղաքի Զբօսավայրերու յանձնաժողովի անդամ եւ աշխատանք կը տանի զբօսավայրը բարեկարգելու: Ան նաեւ եղած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեանի յաջող ընտրապայքարին վարիչը:
Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը Սեպտեմբեր 26ին, Հայ կեդրոնին մէջ բոլոր թեկնածուները հանրային խոր-հրդակցութեան մը հրաւիրած էր. ընթացքին Ռոմերօ եւ Պարահաս լաւագոյն թեկնածուները նկատուած են. այս մասին յայտնած է սոյն հանդիպումը համակարգած Արա Մալազեանը:
Շրջանի Հայ Դատի եւ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամները, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի աշակերտները արդէն իսկ կամաւոր աշխատանք կը տանին նշեալ թեկնածուներու ընտրապայքարներուն համար, իսկ Հայ Դատի յանձնախումբը, հայութիւնը քուէարկութեան մղելու նպատակով քայլերու կը դիմէ եւ կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ Նոյեմբեր 5ին քուէարկեն Ռոմերոյի եւ Պարահասի ի նպաստ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.