ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբին, Ուրբաթ 25 Հոկտեմբերին, Հիւսիսային Հովիտի հայկական նորակառոյց կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային զրոյց մը՝ նիւթ ունենալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակն ու քաղաքականութիւնը Եւրասիական (Ռուսական) Մաքսային միութեան եւ Եւրոպական տնտեսական համակարգին միջեւ:
Կոմիտէութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան, որ յակիրճ պատմական ակնարկ մը նետեց Հայաստանի անցեալին եւ Կովկասի մէջ ռուսական կայսերապաշատական ծրագիրներուն ու թափանցումներուն: Մէջբերելով պատմական դրուագներ մօտիկ անցեալէն՝ դոկտ. Մարզպետ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Մոսկուայի դաշնագիրի կնքման արարողութիւնը, որով Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութիւնը վերջնականապէս կորսնցուց իր անկախութիւնը՝ տեղի տալով Համայնավար Ռուսիոյ «մուրճ ու մանգաղ»ին, ինչպէս նաեւ ի յայտ եկաւ սովետ-թրքական սահմանը:
Ան ըսաւ, թէ մեկնելով այդ ժամանակուան կացութենէն եւ ռուսական գերիշխանութենէն՝ ներկայիս ականատես կը դառնանք ռուսական քաղաքականութեան նոր խմորումներուն, որոնց մէջ անպայմանօրէն Հայաստանը շահաւոր կրնայ չըլլալ: Առաւել, ըստ անոր՝ Լենինի յաջորդած են փութիններ եւ մետվետեւներ, որոնք կը շարունակեն իրենց նախնիներուն քաղաքականութիւնը՝ փորձելով սիրաշահիլ Թուրքիան իրենց ազդեցութեան շրջանակէն ներս: Սեպտեմբեր 3ի յայտարարութեամբ, Սերժ Սարգսեան եկաւ ըսելու, թէ Հայաստան կը կողմնորոշուի դէպի Եւրասիական Մաքսային միութիւն, որուն գլխաւոր դերակատարն է Ռուսիան եւ ուր Թուրքիոյ անդամակցութիւնը չի բացառուիր:
Մարկոսեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ մենք կը գտնուինք ոչ միայն տնտեսական համակարգի մը որոշման սեմին, այլեւ՝ աննախատեսելի հետեւանքներ ունեցող ապահովական լուրջ կացութեան մը մէջ:
Այս ամփոփ խորապատկերին ներկայացումէն ետք խօսք առաւ օրուան դասախօսը՝ պատմական գիտութիւններու փրոֆ. Կարապետ Մոմճեանը: Ան ըսաւ, թէ այս համապարփակ խորապատկերը, զոր ներկայացուց դոկտ. Մարկոսեան, պիտի քննարկէ եւ դիտէ պատմաբանի մը տեսանկիւնէն՝ փորձելով անդրադառնալ ամբողջացնող կէտերու եւ մանրամասնութիւններու:
Փրոֆ. Մոմճեանի զեկոյցին հիմնական առանցքը այն էր, թէ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը եւ Մաքսային միութեան միանալու որոշումը մեզ ներկայիս ի՞նչ կրնան թելադրել: Ան ներկայացուց որոշումին երկու տարբերակները՝ թոյլ տալով ներկաներուն, որ իրենք քննեն եւ դատեն, թէ ո՞ր ուղղութիւնն է ճիշդ Հայաստանի ներկայ կացութեան համար: Պատմութենէն մեկնելով՝ փրոֆ. Մոմճեան ներկաներուն յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս Ցարական Ռուսիան, 19րդ դարու սկիսզբներէն արդէն, իր տիրապետութեան տակ առաւ Անդրկովկասի շրջանը՝ զայն գրաւելով Պարսկական կայսրութենէն, եւ այսպէս՝ ստեղծելով կարմիր գօտի մը իսլամական յառաջխաղացքին դիմաց:
Հարց տալով, թէ արդեօք մենք պէ՞տք է զարմանայինք, երբ Հայաստանի նախագահի Մոսկուա այցելութեան ժամանակ անոր առջեւ դրուեցաւ Եւրասիական Միութեան միանալու փաստաթուղթի նախնական օրինակը՝ Մոմճեան ըսաւ, թէ այդ յայտարարութիւնը զարմանալի չէ, տրուած ըլլալով, որ 2010 թուականին ականատես եղանք մէկ այլ կարեւոր երեւոյթի մը՝ Հայ-թրքական փրոթոքոլներու կնք-ման հարցը, որ նոյնպէս յայտարարուած էր Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա այցելութեան ժամանակ: Այս հարցով ան եկաւ ըսելու, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրերէն իսկ յստակ երկընտրանքի մը առջեւ դրուեցաւ՝ Արեւմուտք կամ Ռուսիա, եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր նախագահութիւնը կորսնցուց իր արեւմտամէտ քաղաքականութեան հետեւանքով, որովհետեւ Ռուսիա պատրաստ չէր Հայաստանը իբրեւ խարիսխ յանձնելու Արեւմուտքին: Այս բոլորով ան եկաւ բացատրելու Անդրկովկասի մէջ ռուսական իշխանութեան գոյութիւնը, որուն արդիւնքով ստեղծուեցաւ Հայկական նահանգը, ինչ որ նկատուեցաւ հիմնական յաղթանակ մը օրուան մտաւորականութեան կողմէ եւ որով հայը վերջապէս դուրս կու գար իսլամութեան լուծէն: Ռուսիոյ յառաջխաղացքը ձեւով մը երաշխիքը հանդիսացաւ ֆիզիքական ապահովութեան մը, որ կը պակսէր Արեւմտահայաստանի կամ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ հայերուն մօտ, որոնք անվերջ կ՛ասպատակուէին քիւրտերէ եւ չէրքէզներէ: Մոմճեան բացատրեց, թէ հետաքրքրականօրէն հայութեան միջին դասակարգի տարրերը մնացին հայկական գաւառներէ դուրս՝ ապրելով աւելի յառաջադէմ քաղաքներու մէջ, ինչպիսի էին Պոլիսը, Իզմիրը, Թիֆլիսն ու Պաքուն: Հետեւաբար, ընդգծելով այս իրողութիւնը՝ Մոմճեան նշեց, թէ մեր ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ մեր հիմնական խնդիրներէն մէկը այն էր, որ հայ ժողովուրդի ամենակարեւոր տարրերուն՝ միջին դասակարգին, մեծամասնութիւնը հողին վրայ չէր ապրեր:
Պատմութեան դասերը վերարտադրելով՝ փրոֆ. Մոմճեան ըսաւ, թէ ռուսերը երբեք անկախ Հայաստան մը ստեղծելու նպատակը չունէին: Սակայն, երբ Ա. Աշխարհամարտը թաւալեցաւ, Եւրոպական պետութիւններու խոստումին հիման վրայ մէջտեղ եկաւ փոքրիկ Հայաստան մը: Փարիզի վեհաժողովի հիմնական սկզ-բունքներէն մէկը այն էր, որ հողի մը վրայ տիրական պետութիւն մը օրինական կ՛ըլլայ՝ նկատի ունենալով այդ երկիրի եւ պետութեան էթնիքական կազմութիւնը: Այսինքն, այն էթնիք ժողովուրդը, որ մեծամասնութիւն կը ներկայացնէ այդ հողին վրայ, կը ստանայ օրինական ձեւով իշխելու իրաւունքը: Հետեւաբար, այս իմաստով, փրոֆ. Մոմճեան աւելցուց, թէ կային երեք հողակտորներ, որոնք բնականաբար իրաւունք կը նկատուէին Հայաստանի. Անոնք էին՝ æաւախքը, Նախիջեւանը եւ Արցախը: Սակայն երբե՛ք ձեռնտու պիտի չըլլար, որ այս ամբողջականութեամբ մէջտեղ գար հզօր Հայաստան մը: Հետեւաբար, կացութիւնը այդպէս մը դարձաւ, որ տուժողը միայն եղաւ Հայաստանը՝ տրուած ըլլալով, որ վերոյիշեալ երեք հողատարածքները նուէր տրուեցան Հայաստանի դրացի երկիրներուն՝ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի:
Հասնելով մինչեւ ներկայ ժամանակները եւ Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան ստեղծումը՝ փրոֆ. Մոմճեան ընդգծել տուաւ, թէ այս կացութիւնը մէջտեղ եկաւ ուժի մը պակասի եւ անջրպետի մը հետեւանքով, որն էր Խորհրդային Միութեան փլուզումը: Ասոր իբրեւ հետեւանք՝ անմիջապէս ծագեցաւ Ղարաբաղեան հարցը: Սակայն Արցախի ազատագրումէն ետք նոր հարց մը ի յայտ կու գար՝ Ղարաբաղը ինչպէ՞ս պիտի վիճակուի, անոր «status»ը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Այս հարցին կապակցութեամբ փրոֆ. Մոմճեան ըսաւ, թէ Ղարաբաղի վիճակը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ բացի անկէ, որ միացուէր Հայաստանի: Սակայն կրկին ռուսական քաղաքական նենգ դաւերուն հետեւանքով, այս մէկը կարելի չեղաւ, եւ Ղարաբաղը յայտարարուեցաւ անկախ, այսպիսով՝ հայերուն համար ստեղծելով երկու տարբեր եւ անկախ հայրենիքներ:
Պատմական ակնարկով հասնելով մինչեւ Մաքսային միութեան միանալու խնդիրը՝ դասախօսը ընդգծեց, թէ ասիկա նոր անակնկալ մըն էր, որ Ռուսիա Հայաստանին առջեւ նետեց: Սակայն խնդիրն այդ չէ միայն, այլ կը գոյանայ այն իրականութեան մէջ, որ Ռուսիան այս առաջարկը ներկայացուց միայն Հայաստանին՝ մեր առջեւ բանալով նոր խնդիր մը, որ մեզի մտածել կու տայ, թէ Արցախի վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ այս պարագային: Տրուած ըլլալով, որ Արցախը այժմ իր ճանաչման աշխատանքը կը տանի Եւրոպական ուղղուածութեան վրայ, ներկայիս Հայաստանի այս որոշումը համակարգային խնդիր է նաեւ Արցախի համար: Մոմճեան նկատել տուաւ, թէ այս երկուութիւնը ապագային շատ հաւանական է որ խնդիրներ ստեղծէ հայերու այսպէս կոչուած՝ երկու հայրենիքներուն միջեւ եւս: Ըստ Մոմճեանի՝ Հայաստանի ժողովուրդի վրդովմունքը ինքնին սխալ է, տրուած ըլլալով, որ Հայաստան արդէն իսկ Ռուսիոյ հետ 50 տարուան զինուորական դաշինք կնքած է եւ անոր ապահովութիւնը երաշխաւորուած է Ռուսիայով: Հետեւաբար, տնտեսական դաշինքով մը մենք աւելի ոչինչ տուած պիտի ըլլանք Ռուսիոյ:
Այլ խնդիր մըն ալ կայ. Եւրոմիութիւնը այս յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք շատ զայրացաւ, սակայն քանի մը շաբաթ անց արդէն այդ զայրոյթը փարատեցաւ, մաշեցաւ, եւ նոյն այս Եւրոմիութիւնը ի յայտ եկաւ ըսելու, թէ Հայաստանը կրնայ երկու համակարգերուն ալ մաս կազմել, որովհետեւ հարցը հոս զինուորական մակարդակի խնդիր չէ, այլ՝ պարզ տնտեսական: Հետեւաբար, տրուած ըլլալով, որ Հայաստան այդքա՛ն ալ մեծ շուկայ մը չէ Եւրոպական արտադրութեանց համար, Մոմճեան եկաւ ըսելու, որ տնտեսական ոլորտին մէջ նշանակութիւն չունի այս կամ այն կողմին հետ միանալը: Ուրեմն, Եւրոպայի ամբողջ յայտարարութիւններն ու այսպէս ասած՝ զայրոյթը, զուտ քաղաքական դրդապատճառներու համար էին: Առաւել, տրուած ըլլալով, որ Եւրասիական այս միութեան կանոնագիրն ու համակարգային մանրամասնութիւնները տակաւին չեն գրուած՝ Հայաստանի ստորագրած այս փաստաթուղթը դեռ շատ նախնական քայլ մըն է: Մանրամասնելով՝ կարելի է տեսնել, թէ Հայաստան ոչ միայն կը վնասէ, այլեւ շահեր ունի, ինչպէս՝ տնտեսութեան զարգացումը եւ բարգաւաճումը, որ պիտի հակակշռէ Հայաստանի մէջ վաճառուող շատ աժան թրքական արտադրութիւնները եւ ինչու չէ նաեւ փոխարինէ զանոնք: Այս նոր համակարգը, ըստ Մոմճեանի՝ կրնայ առիթ տալ, որ մենք տեղական արտադրութիւն ստեղծենք:
Աւարտելով իր խօսքը՝ փրոֆ. Մոմճեան ըսաւ, թէ Հայաստան կրնայ իր հակակշիռը պահել թէ՛ Եւրասիական Մաքսային միութեան եւ թէ Եւրոպական Միութեան համակարգերուն միջեւ:
Զրոյցի աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ, որ արտայայտեն իրենց կարծիքները այս նիւթին կամ ընդհանուր կէտերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ ուղղեն հարցումներ, որոնցմով փրոֆ. Մոմճեան առաւել խորացաւ քանի մը ընդհանուր նկատառումներու մէջ: