«Էլ. Էյ. Ուիքլի» շաբաթաթերթի թղթակից Ֆարլի Էլիըթ յօդուածով մը անդրադարձած է Հիւսիսային Հոլիվուտի Վայնլընտ եւ Պըրպենք պողոտաներու խաչմերուկին գտնուող շուկային, ուր Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող նման շուկաներու ծանօթ խանութներու կողքին, կան նաեւ ուտեստեղէնի նուիրուած հայկական երկու խանութներ:
Անոնցմէ առաջինն է «Սիս փուռ»ը (11009 Burbank Blvd. #123, North Hollywood; (818) 760-7520), որ կը պատրաստէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդին ծանօթ խմորեղէն՝ սկսած «Մենէիշ»էն, պանիրով հացէն՝ «պէօրեկ»էն, ու հասնելով մսաշոթին: Հեղինակը, որ տարուած է յատկապէս համեղ «պէօրեկ»ներով, կը նշէ, թէ հաւաքոյթներու համար կարելի է ապսպրել նաեւ անոնց փոքրիկ տարբերակները: Ան «կ՛ազդարարէ», թէ խանութը միայն մէկ սեղան ունի՝ հոն ճաշել փափաքողներու համար, ուստի կը յանձնարարուի հոն երկար չտնտնալ:
Երկրորդ խանութը «Արաբկիր փուռ»ն է, որուն մասնագիտութիւնը անուշեղէնի տարբեր տեսակներն են, ինչպէս նաեւ՝ աւելի նուազ տարողութեամբ՝ հացի տեսակներ: Նկարագրելէ ետք տարբեր տեսակի անուշեղէններն ու խմորեղէնները, հեղինակը կը նշէ, թէ «Սիս»ի նման, հոն եւս առեւտուրը սովորաբար հեռաձայնային ապսպրանքով տեղի կ՛ունենայ, եւ կ՛աւելցնէ, թէ խանութը նաեւ կարկանդակներու տեսակներ կը պատրաստէ: «Արաբկիր»ի հասցէն է՝ 11009 Burbank Blvd. #120, North Hollywood, իսկ հեռաձայնի թիւը՝ (818) 508-5222:
Հեղինակը ապա կը գովէ նոյն շուկային մէջ գտնուող ու լիբանանեան ճաշատեսակներ հրամցնող «Հայաթ Քիչըն» ճաշարանը (11009 Burbank Blvd., Ste. #117, North Hollywood; (818) 761-4656):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.