
ՄՈՆՐՈՎԻԱ, Քալիֆորնիա.- «Մաունթ Սիէրա» քոլեճի ասպարէզի սպասարկութեան բաժանմունքի օգնական վարիչ Թաունի Հերնանտեզ ելոյթ ունեցած է եւ կլոր սեղանի մը քննարկում ղեկավարած է Հոկտեմբեր 9-11ին, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած Քալիֆորնիոյ սեփական յետերկրորդական վարժարաններու միութեան կողմէ կազմակերպուած տարեկան 29րդ խորհրդաժողովին ընթացքին:
Նշեալ միութեան մաս կը կազմեն ոչ պետական եւ յետերկրորդական այն վարժարանները, որոնց գործունէութիւնը վաւերացուած է այս մարզը վերահսկող նահանգային կրթական մարմինին կողմէ:
Հերնանտեզ կը յայտնէ, թէ վերոյիշեալ խորհրդաժողովին ընթացքին իր ներկայացուցած նիւթը նուիրուած էր ուսանողներու մօտ ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ զանոնք աշխատանքի եւ հարցազրոյցներու համար լաւապէս պատրաստելու՝ շեշտելով, թէ գործատէրերուն համար յոյժ կարեւոր է աշխատանքի թեկնածուներուն մէջ տեսնել վստահութեան բարձր մակարդակ:
Ընդհանրապէս խորհրդաժողովին անդրադառնալով՝ Հերնանտեզ ըսած է, թէ անոր կիզակէտը եղած է կրթական արդիական միջոցներու որդեգրումը, միաժամանակ՝ աշխատանքի աւելի մեծ կարելիութիւններ ունեցող կրթական ճիւղերու մշակումը: Ան բացատրած է, թէ շեշտը կը դրուի այնպիսի միջոցառումներու վրայ, որոնք պիտի նուազեցնեն շրջանաւարտ ուսանողներու նիւթական բեռը, եւ այդ ծիրէն ներս յոյժ կարեւոր է ամենականուխ առիթով աշխատանքի կարելիութիւն գտնելը:
Այս պատճառով, կ՛աւելցնէ ան, «Մաունթ Սիէրա» քոլեճի դասաւանդումները եւ գրեթէ բոլոր նախաձեռնութիւնները կը ձգտին կապեր գտնելու մէկ կողմէ՝ ուսանողներու գիտութեան եւ ձիրքերուն, իսկ միւս կողմէ՝ շուկայի կարիքներուն միջեւ: Ասոնց մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին նաեւ հեզասահ հաղորդակցութեան, վստահելի ու հետեւողական կերպով, ինչպէս նաեւ խմբային դրութեամբ աշխատանքի մշակումը, հաշուետուութիւնը ու կազմակերպուածութիւնը:
Հերնանտեզ կը յայտնէ, թէ քոլեճը մօտէն կը գործակցի նաեւ շարք մը ընկերութեանց եւ գործարարներու հետ, անոնց աշխատանքի կարիքները գոհացնելու համար լաւագոյն թեկնածուները գտնելու նպատակով: «Այս տարուան ընթացքին, ցարդ կրցած են աշխատանքի կարելիութիւն ապահովել 201 ուսանողի եւ շրջանաւարտի համար», կ՛եզրակացնէ Հերնանտեզ: