ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 29ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեր ծնողները, պետական դպրոցներ յաճախող նորահաս պատանիներն ու պարմանուհիները յուզող խիստ այժմէական նշանակութիւն ունեցող դասախօսական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած հայ աշակերտներու դիմագրաւած լեզուաբանական դժուարութիւններուն եւ պահանջներուն հանրային դպրոցներուն մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Ալեքսանեան, որ նախ, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա, հակիրճ ձեւով ներկայացնելէ ետք յարգարժան հիւր-դասախօսներու կենսագրականները, հանդիսականներու ծափահարութիւններուն ներքոյ հերթականութեամբ բեմ հրաւիրեց դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը, Նայիրի Նահապետեանը եւ դոկտ. Մարինէ Աւագեանը:
Դոկտ. Կիւլլիւճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երբ կը խօսինք «մնացորդաց»ի մասին, բնականաբար կը պատկերացնենք աւելի փոքր թիւ մը, քան հիմնական խումբը: Բայց դժբախտաբար, այս պարագային «մնացորդաց»ը, այսինքն՝ պետական դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներու թիւը մեր գաղութէն ներս, շուրջ տասը անգամ կը գերազանցէ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը»: Դոկտ. Կիւլլիւճեան փաստացի ուսումնասիրութիւններով ցոյց տուաւ, որ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին հայ աշակերտներուն թիւը հայկական վարժարաններուն մէջ անկում արձանագրած է՝ աւելցնելով «մնացորդաց»ին թիւը: Ասոր պատճառը ոչ միայն նիւթականն է, այլ որոշ ծնողներու կեցուածքը, որ կը բնորոշուի «հոգս չէ. յաջող ամերիկացի մը ըլլալու համար անգլերէնը բաւական է» մտածումով: Նմանները չեն գիտակցիր, որ երկլեզու զարգացումը փոքրիկին համար ա՛լ աւելի օգտակար է, քան մէկ լեզուի տիրապետումը, անկախ մայրենի լեզուի հարցէն:
Նայիրի Նահապետեան, որ նախագահն է 30 դպրոցներ ունեցող ու մեծ յարգանք վայելող Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի (GUSD) ուսումնական խորհուրդին, մտահոգուած պետական դպրոցներու մէջ հայ աշակերտներուն դիմագրաւած լեզուական դժուարութիւններով՝ որոշ բացատրութիւններ տուաւ Կլենտէյլի պետական վարժարաններոն մէջ վերջին տարիներուն որդեգրուած լեզուի դասաւանդութեան իւրայատուկ ծրագիրներուն մասին՝ ըսելով, որ այս կազմակերպութիւնը հանրային 7 նախակրթական դպրոցներու կը մատուցէ երկակի լեզուական ծրագիրներ՝ հայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ճափոներէն, քորէայերէն եւ սպաներէն: Ան նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս կ՛իրականացուին այս ծրագիրները եւ խօսեցաւ անոնց խոչընդոտներուն ու դժուարութիւններուն մասին՝ աւելցնելով, թէ վերջերս կը բարձրանան ձայներ, որոնք ահազանգ կը հնչեցնեն հայերէն լեզուի պահպանութեան եւ արտասահմանի մէջ անոր գոյատեւման ուղղութեամբ, մասնաւորաբար՝ Լոս Անճելըսի մէջ: Ապա հանգամանօրէն կանգ առաւ երկակի լեզուական այս ծրագիրներու օգուտներուն վրայ՝ վստահեցնելով, որ այս ծրագիրները հայ աշակերտներուն առաջ պիտի բանան երկլեզու զարգացման լայն հնարաւորութիւններ: Հայերէն լեզուի ուսուցումը տեղի կ՛ունենայ ոչ միայն հայերէն լեզուի իմացութեան համար, այլ՝ որպէս մայրենի լեզու՝ անոր պարգեւած ազգային-հոգեկան բաւարարութեան համար:
Դոկտ. Մարինէ Աւագեան հայերէն լեզուի դասաւանդման ծրագիրներու ստեղծման աշխատանքին մէջ ընդգրկուած է 2007էն ի վեր, իսկ այժմ սկսած է դասաւանդելու երկլեզու դասընթացք վարող վարժարաններու մէջ: Դոկտ. Աւագեան մեծ ինքնավստահութեամբ հրաւիրեց ներկաներն ու ծնողները այցելելու երկլեզու դասընթացք ունեցող վարժարաններ, որպէսզի ականատես եւ ականջալուր ըլլան այն մաքուր հայերէնին, զոր կը խօսին այդ պետական դպրոցները յաճախող հայ աշակերտները: Ան աւելցուց, որ երկլեզու դպրոցներու մէջ իւրաքանչիւր լեզուի տրամադրուած է օրուան ծրագիրի 50 տոկոսը:
Դասախօսութեանց աւարտին ծաւալուած հարցազրոյցն ու ներկաներուն եւ յարգարժան դասախօսներուն միջեւ միտքերու փոխանակումը պերճախօս վկայութիւն էին այն մեծ հետաքրքրութեան, զոր ստեղծած էր Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկը:
Ներկաները, իրենց շնորհակալութիւնները յայտնելով եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի նուիրեալ անդամներուն եւ յարգարժան դասախօսներուն՝ մեկնեցան դահլիճէն, խանդավառ ու լաւատես տրամադրութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝
Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցիէն)