Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լոս Անճելըս, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2013ի առաւօտեան այցելեց հայ համայնքի Ազգ. Մեսրոպեան երկրդ. վարժարանը, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Նախաճաշի հիւրասիրութենէ ետք, խումբը հրաւիրուեցաւ «Իգնատոսեան» սրահ, ուր խմբուած էին բարձր կարգերու աշակերտները, որոնք անհամբեր կը սպասէին ծանօթանալու թատերախումբի անդամներուն, յատկապէս՝ «Անբան Հուրի»ի դերակատարներուն:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հայոց լեզուի դասատու Արփի Համբարեան, ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին «Վարդը» երգով հանդէս եկան Նօումա Փիրումեան, Սարին Սարճեան եւ Ալիս Խաչիկեան, իսկ Էմմա Տուարդէ եւ Վիքթորիա Սինքըկրան երգեցին «Իմ հեռաւոր հայրենիք» երգը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ երաժշտութեան դասատու Անահիտ Խաչիկեանի: Միջանկեալ, երկրորդականի հինգ աշակերտներ ողջունելի վարպետութեամբ ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր»ը, բեմադրութեամբ՝ Լիւդմիլլա Գրիգորեանի: Այնուհետեւ, առիթ տրուեցաւ թատերախումբի անդամներուն իրենք զիրենք ներկայացնելու եւ աշակերտներու հարցումներուն պատասխանելու:
Հուսկ՝ տնօրէն Ղուկասեան այցելուները հրաւիրեց շրջելու Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի զանազան բաժիններն ու դասարանները՝ մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած այս այցելութեան աւարտին, հայրենի դերասաններու խումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ընձեռուած առիթին համար եւ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանէն հեռացաւ մեծ տպաւորութիւններով:
Համազգայինի Հայաստանի Թատերախումբը Մոնթեպելլօ իր այցելութիւնը եզրափակեց Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մատուցուած յարգանքի տուրքով:
ԸՆԹՐԻՔ՝ «ՖԸՆԻՇԻԱ» ՃԱՇԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հայրենի Թատերախումբը յետմիջօրէին պտոյտ մը կատարեց դէպի ծովափ, իսկ երեկոյեան՝ հիւրը եղաւ Կլենտէյլի «Ֆընիշիա» ճաշարանի սեփականատէր Արա Գալֆայեանի: Ընթրիքին ներկայ եղան նաեւ Շրջանային վարչութեան եւ թատերախումբի լոսանճելըսեան շրջագայութիւնը իրականացնելու նպատակով աշխատանքի լծուած յանձնախումբի անդամներ:
ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի հայ գաղութին հրաժեշտ տուաւ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը, որ Լոս Անճելըս իր տասնօրեայ այցելութեան ընթացքին իրականացուց թատերական փառատօն մը՝ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:
Թատերախումբը Լոս Անճելըսի մէջ մեծ յաջողութեամբ իրականացուց երեք թատերախաղեր՝ «44 Աստիճանի Վրայ», «Սէյլ» եւ մանկապատանեկան «Անբան Հուրին»՝ ներկայացումներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 11ի՝ հինգ օրերու վրայ երկարած:
Սօս Սարգսեանի հիմնադրած թատերախումբին Լոս Անճելըսի առաջին այցելութիւնը ոչ միայն ողջունելի, այլեւ յոյժ ծափահարելի երեւոյթ մը հանդիսացաւ ամբողջ գաղութին համար: Սոսկական փառատօնէ մը անդին, Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբը որակաւոր ու մասնագիտական իր խաղարկութեամբ իրաւա՛մբ ստեղծեց թատերական եւ մարդկային շփումներու մեծ խանդավառութիւն գաղութի կեանքին մէջ ու մանաւանդ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան համար:
Վարձքը կատա՛ր Համազգայինի մեծ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան այս ծրագիրի իրականացման:
Բարի ճանապարհ Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատերախումբին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ