ԵՐԵՒԱՆ.– ՖԻՏԷի Նոյեմբեր ամսուան վարկանշային ցանկին մէջ ճատրակի Հայաստանի հաւաքականը կը գտնուի լաւագոյն հնգեակին վերջին դիրքին վրայ՝ իրմէ առաջ ունենալով Ռուսիան, Ուքրանիան, Չինաստանն ու Ֆրանսան:
Հայաստանը կը գերազանցէ ճատրակի մէջ իրենց կշիռը ունեցող երկիրներ, ինչպէս՝ Հունգարիան, Միացեալ Նահանգներն ու Հնդկաստանը:
Նշուած վարկանշային ցանկը կազմելու ատեն ՖԻՏԷն նկատի կ՛առնէ երկիրներուն 10 լաւագոյն ճատրակ խաղացողները ու միջազգային վարպետներու գործակիցներու միջին վարկանշային ցուցանիշները: Հայաստանը կը ներկայացնէ 36 գրոսմայսթըր եւ 23 միջազգային վարպետ:
ՖԻՏԷն հրապարակած է նաեւ աշխարհի 100 լաւագոյն ճատրակի խաղացողներու նոր ցանկը: Լեւոն Արոնեանը՝ 2801 միաւորով, դարձեալ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Առաջատարը նախկինին պէս նորվեկիացի Մակնուս Քարլսենն է:
Լաւագոյն հնգեակին մէջ տեղ գտած են նաեւ Վլատիմիր Կրամնիկը, Հիկարու Նաքամուրան ու Ալեքսանդր Գրիշչուկը: Լաւագոյն 100 խաղացողներուն կարգին են նաեւ Հայաստանի հաւաքականի 4 անդամներ. Սերգէյ Մովսիսեանը՝ 49րդն է, Վլադիմիր Յակոբեանը՝ 63րդը, Գաբրիէլ Սարգսեանը՝ 71րդը, իսկ Տիգրան Պետրոսեանը՝ 89րդը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.