Պաքու տուած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարեց, որ «Ղարաբաղ Ատրպէյճանի անբաժանելի մէկ մասն է»՝ ընդգծելով, որ Թեհրան եւ Պաքու մնայուն կերպով աջակցած են իրարու տարածքային ամբողջականութեան:
«Մենք կը պնդենք, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդին իրաւունքները պէտք է յարգուին, եւ Ղարաբաղ պէտք է պատկանի Ատրպէյճանին», ըստ իրանեան «Մեհր» գործակալութեան` յայտարարեց Փեզեշքեան՝ ընդգծելով, թէ Պաքու տուած իր այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ Իրանի եւ Ատրպէյճանի կապերն ու միասնութիւնը:
Խօսելով Հայաստան-Ատրպէյճան կապերուն մասին՝ Փեզեշքեան ըսաւ. «Մենք միշտ պաշտպանած ենք Ատրպէյճանի իրաւունքները եւ, բնականաբար, կը պաշտպանենք նաեւ Հայաստանի իրաւունքները»:
Անդրադառնալով Իրանի տարածքով Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան ցամաքային կապ ստեղծելու վերաբերեալ հարցին` Փեզեշքեան ըսաւ. «Նախագիծը արագ կերպով կը զարգանայ: Անիկա արդէն համաձայնեցուած է, եւ Իրանի տարածքին ու Ատրպէյճանի մայրցամաքային մասին միջեւ Նախիջեւանի հետ ցամաքային կապի ստեղծման հարցին մէջ որեւէ հարց պիտի չըլլայ»։
Փեզեշքեան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղիի իրագործումը բանակցութիւններու օրակարգին վրայ է՝ աւելցնելով, որ այդպիսի նախագիծեր կը նպաստեն առեւտրական եւ տնտեսական կապերու ամրապնդման։
Ամերիկեան «Էսոշիէյթըտ Փրես» թերթը յայտնեց, որ ասիկա Իրանի նախագահին դրացի երկիր մը եզակի այցելութիւններէն է, որուն հետ Թեհրանի յարաբերութիւնները տարիներով լարուած եղած էր յատկապէս` Իրանի ոխերիմ թշնամի Իսրայէլի հետ՝ Ատրպէյճանի սերտ կապերուն պատճառով: Լարուածութիւնը աւելի եւս խորացաւ երկու տարի առաջ, Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումէն ետք: Սակայն, վերջին շրջանին, կողմերը հրապարակաւ իրարու նկատմամբ ջերմացման նշաններ ցոյց տուին. Օրինակ՝ Նոյեմբերին, կողմերը Կասպից ծովուն մէջ միացեալ զօրավարժութիւններ կատարեցին, իսկ 28 Ապրիլին անոնք համագործակցութեան 7 համաձայնագիրներ ստորագրեցին, որոնց կարգին` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններ իրականացնելու, երթեւեկի եւ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ կապերը ընդլայնելու գծով:
«Նախագահ Փեզեշքեանի այցելութիւնը` այսքան մեծ պատուիրակութեամբ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կարեւոր փաստաթուղթերու ստորագրութիւնը, նաեւ՝ նախագահներու մակարդակով, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ բոլոր ոլորտներուն մէջ մերձենալու մեր կամքը եւ հաստատակամութիւնը», յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ:
«Մեր երկու երկիրները կրնան միասնաբար լուծել բոլոր հարցերը` բանակցութիւններու միջոցով», իր կարգին պնդեց Փեզեշքեան՝ աւելցնելով. «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ ուրիշներ մեզ իրարու դէմ հանեն»:
Մինչ այդ, Ալիեւ դարձեալ հաստատեց, որ իրենց համար տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը միշտ առաջնային եղած են: «Այսօր մենք՝ իբրեւ երկու անկախ պետութիւններ, կարեւոր դեր կը խաղանք մեր տարածաշրջանին մէջ, եւ երկուքս ալ համակարծիք ենք եւ հաւատարիմ այն քաղաքականութեան, որ տարածաշրջանային հարցերը պէտք է լուծուին տարածաշրջանի երկիրներուն կողմէ», ըսաւ Ալիեւ:
«Եթէ իսլամական երկիրները եւ անոնց տարածաշրջանային դրացիները միանան՝ անոնք պիտի կարենան ապահովել աւելի յաջողակ նախատիպ մը, քան այն, զոր մենք այսօր Եւրոպայի մէջ կը տեսնենք», ըսաւ Փեզեշքեան: