
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Երկու տարբեր ծանրութեան դասակարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան Վիկ Դարչինեանը խոստովանած է, որ ֆիլիփինցի արհեստավարժ կռփամարտիկ Նոնիթօ Տոնէյրի հետ փոխվրէժ-մենամարտը շատ կարեւոր է իրեն համար:
Նշենք, որ Դարչինեան-Տոնէյր առաջին մենամարտը կայացած էր 2007 թուականին, երբ յաղթանակ կրցած է ապահովել ֆիլիփինցի մարզիկը, իսկ հայ բռնցքամարտիկը կրած էր իր առաջին պարտութիւնը:
Դարչինեան-Տոնէյր 10 ռաունտէ բաղկացած փոխվրէժ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 9 Նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հայ բռնցքամարտիկը խոստովանած է, որ կ՛ուզէ ժամանակէն շուտ աւարտել մենամարտը՝ նաքաութի ենթարկելով (զգետնելով) մրցակիցը: