
ԵՐԵՒԱՆ.– Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկին մէջ 1 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է «Հայաստանը եւ արաբական աշխարհը. պատմութիւն եւ արդի խնդիրներ» երիտասարդական գիտաժողովը: Անիկա նուիրուած է անուանի պատմաբան, արեւելագէտ Արամ Տէր Ղեւոնդեանի 85ամեակին:
Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուած է նաեւ գիտնականին մեծ հօր՝ «Մարաշի Տէր Ղեւոնդ քահանայի յուշերը» գիրքը, որ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ կիլիկիահայութեան կեանքին մասին:
Նշանաւոր պատմաբան, արեւելագէտ Արամ Տէր Ղեւոնդեանին ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանը կը յիշէ որպէս մտերիմ ընկերոջ, լաւ դրացիի, անուանի գիտնականի: Անոր առնչուած բազմաթիւ պատմութիւններ կան նաեւ ակադեմիկոս Վլադիմիր Բարխուդարեանի յիշատակներուն մէջ։ «Այն անձնաւորութիւնը, որ կեանքում, աշխատանքում ուղիղ, արդար մարդ է, նոյնն է նաեւ գիտութեան մէջ: Ահա Արամ Տէր Ղեւոնդեանն այդպիսին էր՝ ուղղամիտ, թերութիւն չհանդուրժող, պարզ»: