ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանին վերաբերող ուիքիլիքսեան բացայայտումներու շարքէն «Ժողովուրդ» օրաթերթը առանձնացուցած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի մասին Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մարի Եովանովիչի արտայայտած կարծիքը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած փաստաթուղթին մէջ՝ ներկայացնելով կաթողիկոսը, դեսպանը զայն բնութագրած է որպէս «ապարանեան քլան (տոհմ-Խմբ.)» ազդեցիկ ներկայացուցիչ, որ յայտնի է իր իշխանամէտ կեցուածքով:
Մ. Եովանովիչ նշած է նաեւ, որ կաթողիկոսին կեցուածքը ընտրական գործընթացներուն ատեն, իշխանութիւններուն հանդէպ անտարբեր, նոյնիսկ օժանդակող վերաբերմունքը յարուցած են հաւատացեալներուն մեծ մասին անհանգստութիւնն ու անկեղծ զայրոյթը:
Դեսպանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հայոց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն մէկը Մարտ 1ի ողբերգութեան առնչութեամբ կաթողիկոսին լռութիւնը նկատած է «բորբոքած վէրք» եկեղեցւոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.