ԵՐԵՒԱՆ.– Հրատարակիչներն ու գրատուները նեղացած ու բարկացած են կառավարութեան այն որոշումէն, որ բոլոր ձեռնարկատէրերուն կը պարտադրէ գնել եւ գործածել որոշակի արտադրութեան եւ չափորոշիչներով հսկիչ-դրամարկղային մեքենաներ (ՀԴՄ), որոնց արժէքը նոյն որոշմամբ սահմանուած է մինչեւ 400 հազար դրամ:
Հրատարակչական ու գիրքի վաճառքի ոլորտին համար, ինչպէս կը հաստատեն 31 Հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին մասնակից «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանը, «Հայ գիրք» գրախանութների ցանցի տնօրէն Աշոտ Գաբրիէլեանը եւ գրող, գրականագէտ Յովիկ Չարչեանը, այս որոշումը կը նշանակէ, որ կրկին պիտի թանկանայ գիրքը եւ փակման վտանգի առջեւ կանգնեն գրախանութները:
Արմէն Մարտիրոսեանի համաձայն, ասիկա տնտեսութեան մէջ մենաշնորհի՝ կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրն է. «Այս որոշումների համապատասխան, բոլոր հայաստանցի գործարարները քանի ՀԴՄ սարքի կէտ ունեն, այդքան հատ ՀԴՄներ են առնելու 369 հազար 600 դրամով: Դա տալ մենաշնորհի ձեւով մէկին: Ինչո՞ւ չպիտի լինենՀայաստանում 10, 20, 30, 40, 50 ընկերութիւններ, որոնք ներմուծում են [ՀԴՄներ], եւ այդ մրցակցութեան հաշուին գինը էապէս էժանանայ»:
Մարտիրոսեանի համաձայն՝ նոյն մեքենաները, զորս իրենք պարտաւոր են գնել գրեթէ 370 հազար դրամով, շուկային մէջ կարելի է գնել 50-75 հազար դրամով:
Ասուլիսի բանախօսները հաստատեցին, որ գրահրատարակչական ու գրավաճառ ոլորտը այսօր դժուար կացութեան մէջ է, եղած փոքրաթիւ գրախանութներու տարեկան շրջանառութիւնը չի շրջանցեր 400 հազար դրամը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ կառավարութեան այս որոշումը՝ Մարտիորսեան արձագանգեց. «Ինչ որ մէկին Հայաստանում արագ պէտք էր աշխատել 40 հազար անգամ հազար տոլար: 40 միլիոն տոլար պէտք էր արագ աշխատել: Հնարաւորութիւնը տուել է կառավարութիւնը»:
Մարտիրոսեան կոչ ուղղեց Տնտեսական մրցակցութեան յանձնաժողովին եւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին զբաղիլ այս հարցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.