
ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».- Քանի մը օրէ ի վեր Հալէպ մուտք կը գործեն հարիւրաւոր բեռնաւորուած բեռնակառքեր: Կառավարութիւնը կարելին կ՛ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու: Վերոյիշեալ բեռնակառքերը բեռցուցած են 90 թոն դեղորայք, 37 հազար թոն ալիւր, սննդամթերք եւ ամէն տեսակի կենսական նիւթեր: Կը տեղեկանանաք նաեւ, որ բովանդակ Հալէպի ելեկտրականութեան հոսանքը մէկ շաբաթէ ի վեր անջատուած էր զանազան պատճառներով, իսկ քաղաքը՝ ամայութեան եւ մթութեան գիրկը ինկած: «Անջատուած ելեկտրականութեան մատակարարումը երէկ եւ այսօր հերթականօրէն կը վերականգնի», կը նշէ ելեկտրոնային լրատուամիջոցը:
Նշենք, որ ելեկտրականութեան անջատուած ըլլալուն պատճառով սառնարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու ձմեռնային պահածոները նեխած ու աղբաման թափուած են: