«ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ».- «Ասոշիէյթըտ Փրես» լրատուական գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպայի մէջ բացայայտուած է միջազգային յանցախումբի մը ցանցը, որ կեղծ փաստաթուղթեր պատրաստած է անօրէն ներգաղթողներու համար:
Կեղծ փաստաթուղթերով անօրէն ներգաղթողները մուտք գործած եւ հաստատուած են Եւրոպական զանազան երկիրներ:
Ըստ իրաւապահներու՝ 29 անձեր ձերբակալուած են Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ:
Չեխիոյ ոստիկանութեան մամլոյ քարտուղար Փաւել Հանթաք կը յայտնէ, որ յանցախումբը կեղծ փաստաթուղթեր պատրաստած է Հայաստանէն, Թուրքիայէն, արաբական պետութիւններէ եւ ռուսախօս երկիրներէ անօրէն ներգաղթողներու համար: Ան կ՛ըսէ, որ Չեխիոյ ոստիկանութիւնը Հոկտեմբեր 22ին ձերբակալած է երեք հայեր, ալճերիացի մը, մոլտովացի մը, թունիզցի մը եւ ուքրանացի մը: Ըստ Հանթաքի՝ ձերբակալուած է նաեւ յանցախումբի պարագլուխը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.