
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիա այցելող Սուրիոյ Քարա շրջանի Ս. Յակոբ վանքի մայրապետ Ագնես Մարիամ երկու դասախօսութիւններ պիտի մատուցէ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն մասին՝ հիմնուած ըլլալով իր անձնական փորձառութեանց վրայ եւ նկատի ունենալով, որ այս տարուան Մայիսին, անոր ինքնաշարժը եւս յարձակումի թիրախ դարձած էր զինեալներու կողմէ, մինչ վանքին մօտակայ գիւղերու բնակիչները փախուստ տուած են:
Ան արդէն իսկ ելոյթներ ունեցած է Իրլանտայի ու Աւստրալիոյ մէջ՝ պատմելով Հիւսիսային Ամերիկայի լրատուամիջոցներուն հաղորդած տեղեկութիւններէն զգալիօրէն տարբեր դրուագներ:
«Այսօր իսկապէ ի՞նչ կը պատահի Սուրիոյ մէջ» նիւթով դասախօսութիւններուն առաջինը պիտի կայանայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 9ին, երեկոյեան 7-10, «Սրբասիրտ Յիսուս» եկեղեցւոյ մէջ (10837 Collins St. N. Hollywood, CA 91601), իսկ Կիրակի, Նոյեմբեր 10ին, կ.ե. ժամը 2-5, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (1510 E. Mountain St. Glendale, CA 91207): Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 636-2844 եւ (818) 242-6780 թիւերուն: