ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, երեկոյեան ժամը 5էն 8, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St., Glendale CA 91205) տեղի ունենալիք գրական հերթական հանդիպումը պիտի կայանայ «ազատ բեմ»ի տարազին տակ:
Վարչութեան որոշումով՝ նախապէս նշանակուած հինգ գրողներ պատառիկներ պիտի ընթերցեն իրենց նորագոյն ստեղծագործութիւններէն: Յաջորդ ազատ բեմը պիտի յատկացուի միութեան անդամ գրողներու միւս հնգեակին. ներկայ ձեւաչափին տակ, յաջորդաբար, միութեան բոլոր անդամներուն առիթ պիտի տրուի հրապարակային ելոյթներով հանդէս գալու:
Գրական երեկոյին բացումը պիտի կատարէ գրողներու միութեան նախագահ՝ բանաստեղծ ու գրական քննադատ Գէորգ Քրիստինեան, իսկ հանդիսավար նշանակուած է գրող-հրապարակագիր Պօղոս Գուբելեանը, որ իր խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին սփիւռքահայ գրողներու հասցէին եղած անճիշդ վերագրումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.