
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսական հարցերուն նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը՝ երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Հրաւիրեալ բանախօսն է Էլ Եսայեանը, որ պիտի քննէ «Հայաստան ինչո՞ւ «աղքատ» է» նիւթը, որուն խթանը կը հանդիսանայ Եսայեանի կողմէ 1999ին կատարուած ուխտը՝ ամէն տարի Հայաստան այցելելու եւ անոր նպաստելու, որպէսզի դառնայ բարգաւաճ ու ինքնաբաւ երկիր մը:
Այս տարի Եսայեանի ուխտին 14րդ տարին է. Նոյեմբեր 21ին ան պիտի փորձէ բանախօսութեան գլխաւոր հարցումին պատասխանները գտնել, հետեւեալ ու նման հարցումներուն ընդմէջէն՝ «Տնտեսական դժուարութիւնները հետեւանք են բնական հարստութեանց պակասի՞ն, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պարտադրած շրջափակումներուն», «Արդեօք Սփիւռքի եւ միջազգային համայնքի օժանդակութիւնները բաւարար չե՞ն կացութիւնը բարելաւելու», «Ներկայ կացութիւնը արդեօք կառավարման սխալներո՞ւ, թէ կրթական համակարգի ժամանակավրէպ ըլլալուն հետեւանք է»:
Էլ Եսայեան հիմնադիր տնօրէնն է համակարգչային ծրագիրներու «IconApps» ընկերութեան եւ եղած է տեղեկութեանց վերլուծումներով զբաղող համաշխարհային «Օփրա Սոլուշընզ» ընկերութեանց բաժանմունքներէն մէկուն վարիչը: 2005ին ան համահիմնած եւ տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է (մինչեւ 2008) «Integrien» ընկերութեան, շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնելու կողքին: Ան նաեւ 1992էն 2005ի միջեւ հեղինակած ու բեմադրած է թատերական երեք գործեր ու վկայուած է Օքլահոմայի եւ «Փեփըրտայն» համալսարաններէն:
Նշեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403): Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: