ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան ծրագրած ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութեան առնչուող դաստիարակչական շարքի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Իգնատոսեան» սրահը, ուր հաւաքուած էին աշակերտներ, ներկայ եւ նախկին ծնողներ, ինչպէս նաեւ գաղութի անդամներ, դաստիարակներ, «Մեսրոպեան»ի անձնակազմ եւ հիւրեր։
Տնօրէն Ղուկասեան, շեշտ դնելով արուեստագիտութեան ազդու դերին վրայ՝ աշակերտներու եւ ծնողներու կեանքին մէջ, հասկնալի ոճով ներկայացուց այս նիւթին դրական ու բացասական կողմերը եւ բացատրեց ծնողներուն, թէ 21րդ դարու այժմէականացման հետ քայլ պահելով հանդերձ, արուեստագիտութեան ծիրին մէջ ինչպէ՞ս օգտագործել լաւը, բարին եւ օգտաշատը, ու միաժամանակ խուսափիլ բոլոր վատառողջ եւ վտանգաւոր մօտեցումներէ ու տգեղ երեւոյթներէ, որոնք կ՛ազդեն աշակերտներու միտքին եւ ուղեղին։
Դասախօսութեան ընթացքին տնօրէն Ղուկասեան, հասկնալի մէջբերումներով, գիտական գիտելիքները աւելի հասկնալի ձեւով ընծայեց ներկաներուն՝ հիմնուելով ներկաներու մասնակցութեան, անոնց գործնական միջոցառումներուն եւ կարծիքներու փոխանակման վրայ։
Դասախօսութենէն ետք ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու, իսկ դասախօսական միջոցառման աւարտին, դասախօսական կազմակերպիչ յանձնախումբը անուշեղէն ու զովացուցիչ հրամցուց ներկաներուն։
Յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, «Իգնատոսեան» սրահը։ Նոյեմբեր ամսուն արծարծուելիք նիւթը պիտի ըլլայ «Պատանիի ուղեղային զարգացումը»:
«Մեսրոպեան»ի տնօրէնութեան կազմակերպած ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութեան առնչուող դաստիարակչական շարքի յետագայ ամիսներու դասախօսութիւններուն թուականները հետեւեալներն են. Դեկտեմբեր 18, Յունուար 22, Փետրուար 19, Մարտ 19 եւ Մայիս 21:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)