ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանեան մեթրոյի արդիականացման համար 2014ին պիտի տրամադրուի 6 միլիոն եուրօ: 4 Նոյեմբերին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի կապի եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարարի տեղակալ Արտաշէս Աւետիսեանը՝ 2014ի պիւտճէին վերաբերեալ խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին:
Մասնաւորապէս, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան պիւտճէէն Հայաստանին պիտի տրամադրուի 1 միլիառ 656 միլիոն դրամ, Եւրոպական ներդրումային դրամատունէն 1 միլիառ 636 միլիոն: Նշեալ միջոցները պիտի տրամադրուին անցքերու կացութեան բարելաւման եւ պողպատեան պարաններու վերանորոգման: Ծրագիրին համար անհրաժեշտ է 15 միլիոն եուրօ: Բացի վերոյիշեալ երկու աղբիւրներէն, 5 միլիոն պիտի տրամադրուի որպէս Եւրամիութեան ներդրումային դրամաշնորհ: Առաջին ծրագիրը՝ համանման ֆինանսաւորմամբ, իրականացուած է 2010-13 թուականներուն։
Ասոնց կողքին պիտի տրամադրուի նաեւ 2 միլիառ 513 միլիոնի յատկացում՝ ուղեւորափոխադրման եւ մեթրոյի գործունէութեան աջակցելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.