– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, Մուհամմատ Մուրսիի իշխանութեան տապալումէն ետք Եգիպտոս իր առաջին այցելութեան ընթացքին, կոչ ուղղեց վերջ տալու բոլոր բռնարարքներուն եւ ամբողջական ժողովրդավարութեան հաստատման քայլեր որդեգրելու: Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Եգիպտոսի բանակին զօրակցութիւնը վայելող իշխանութեանց հետ գործակցելու:
– Տասնեակ հազարաւոր իրանցիներ Նոյեմբեր 4ին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Իրանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանատան առջեւ, նշելու համար տարեդարձը 1979ին տեղի ունեցած դեսպանատան ներխուժումին՝ իրանցի ուսանողներու կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.