ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Խմբագրական կազմը անցեալ Հինգշաբթի օր ժողով մը գումարեց՝ «Ասպարէզ»ի Նոր Տարուան յաւելուած բացառիկին համար միտքեր փոխանակելու: Ժողովին ներկայ էին նաեւ միշտ մեր կողքին կանգնած Էմմա Կարապետեանն ու Սեդա Դարբինեանը: Ժողովէն ետք խորհրդակցեցանք մեր աշխատակիցներէն Ալին Պզտիկեանի հետ:
Եղան հետաքրքրական առաջարկներ, զորս կ՛ուզենք կիսել ձեզի հետ:
Մեր համայնքէն ներս իր բացառիկ գործունէութեամբ առանձնացող «Տարուան Մարդ»ը հռչակելու գաղափարը արծարծուեցաւ, սակայն նկատի առնելով, որ այս տարուան համար առարկայական ընտրութիւն կատարելու դժուարութին պիտի ունենանք (ժամանակ չկայ), որոշուեցաւ յաջորդ տարի աւելի կանուխ ձեռնարկել այդ ծրագիրին:
Նկատի առնելով, որ անցեալ տարիներուն «Ասպարէզ»ի Նոր Տարուան թիւերով ներկայացուած են հայկական ամանորեայ աւանդութիւններ, առաջարկուեցաւ դիմել մեր ընթերցողներուն, որպէսզի իրե՛նք մեզի գրեն, թէ ինչպէ՞ս կ՛անցընեն Նոր Տարուան գիշերը եւ ի՞նչ ուտելիքներ կը պատրաստեն: Ահաւասիկ կը դիմենք. կրնաք նաեւ անցեալ տարուան Ամանորէն ընտանեկան նկար ուղարկել: Ամանորեայ ուտելիքներու խոհագիրներու (ռեսըփի) մրցոյթ մըն ալ առաջարկուեցաւ: Ուղարկեցէք ձեր սիրած կամ ստեղծած խոհագիրը եւ մենք ստիպուած կ՛ըլլանք ընտրելու եւ մրցանակ նշանակելու:
Առաջարկուեցաւ բարերարներու նուիրել այս ամանորեայ թիւը: Որոշուեցաւ նաեւ ամփոփել անցեալ տարուան բարերարութիւնները՝ մեր համայնքի զաւակներէն՝ տեղւոյն ազգային կառոյցներու եւ Հայաստանի: Պիտի քրքրենք «Ասպարէզ»ի էջերը եւ ամփոփելով՝ հրամցնենք ձեզի:
Ալինը առաջարկեց ներկայացնել անցեալ տարի միջազգային ուշադրութիւն գրաւած հայորդիները, ինչպէս օրինակ՝ Հենրիկ Մխիթարեանը, Լեւոն Արոնեանը, Սեպուհ Սիմոնեանը, Սերժ Թանքեանը եւ այլն:
Համաձայնեցա՛նք: Եթէ դուք ալ առաջարկ ունիք, փոխանցեցէ՛ք մեզի: Սիրով կ՛ընդառաջենք: