ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ 5-6 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Թուրքիայի Հանրապետութեան 90 տարին. Աթաթիւրքից՝ Էրդողան» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին հայ, թուրք եւ ռուս թրքագէտներ, պատմաբաններ, միջազգայնագէտներ, բանասէրներ, փիլիսոփաներ:
«Երեւանեան միջազգային գիտաժողովը լոյս կը սփռի Թուրքիայի պատմական որոշ անցքերի, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հարցերի վրայ», յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանը: Ան նշած է, որ հայ թրքագէտներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գիտաժողովին ընթացքին թրքական պետութիւնը երկու օր շարունակ ուսումնասիրութեան առարկայ պիտի ըլլայ հայ, թուրք եւ ռուս գիտնականներուն համար: Սաֆրաստեան դիտել տուած է, որ գիտաժողովը ի սկզբանէ նախատեսուած էր միայն Արեւելագիտութեան հիմնարկի աշխատակիցներուն համար, սակայն հաշուի առնելով անոր կարեւորութիւնը՝ անիկա ստացած է միջազգային բնոյթ: «Մենք ցանկանում էինք ի մի բերել Արեւելագիտութեան ինստիտուտի աշխատանքներն այս ուղղութեամբ, սակայն թեման ընդլայնուեց՝ վերածուելով միջազգային կոնֆերանսի: Գիտաժողովը կազմակերպել ենք այնպէս, որ կարողանանք անդրադառնալ Թուրքիայի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, պատմութեան եւ այլ խնդիրներին: Եւ այդ նպատակով հրաւիրել ենք մասնակիցների Երեւանի տարբեր գիտական կենտրոններից, Ռուսաստանի Դաշնութիւնից եւ Թուրքիայից», ըսած է ան։
«Մոտիւս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութեան կայացումը Երեւանի մէջ: «Նման ուսումնասիրութիւնների կարիք, ի հարկէ, կայ: Յատկապէս մուսուլմանացած հայերի եւ Թուրքիայում ազգային փոքրամասնութիւնների հարցով քննարկումները կարեւոր են: Մենք ցոյց ենք տալիս որ ուշադիր ենք այդ գործընթացների նկատմամբ: Գիտաժողովը կարեւոր է նաեւ ցեղասպանութեանը յարակից թեմաների քննարկման տեսանկիւնից», ըսած է Պապեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.