ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Ընդհատուած Մանկութիւն» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը
Ժապաւէնը իրական պատմութիւնն է 6ամեայ հայ աղջկայ մը՝ Լենային, որ արցախեան պատերազմին ընթացքին գերի ինկած է ատրպէյճանցիներուն ձեռքը: Մարաղայի ջարդերու դաժան տեսարաններուն կողքին ներկայացուած է ատրպէյճանցի կնոջ կերպարը, որ 129 օր իր տան մէջ կը պահէ հայ աղջիկը։ Կինը եւս կը փնտռէ պատերազմին գերի ինկած իր որդին: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուող դրուագներէն շատեր բեմադրիչին ու իր ընկերներուն մանկութենէն առնուած են, մանկութիւն մը, որ ընդհատուած է թնդանօթներուն ձայնով:
Ցուցադրութեան ներկայ եղած են բեմագիր Կարինէ Խոդիկեան, դերասանները, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ:
«Կան մարդիկ, որոնք նայում են ֆիլմը որերորդ անգամ, բայց ամէն անգամ նայելուց յուզւում են: Շատ կարեւոր է, որ ֆիլմն ապրի անկախ, ինքնուրոյն ռեժիսորից», դիտել տուած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը:
«Սա թերեւս այն բացառիկ ֆիլմն է, որտեղ ես տեսայ վերապրած մեծագոյն ազնուութիւն, ազգասիրութիւն եւ ամենակարեւորը՝ մարդասիրութիւն: Ամէն արցունք ազնիւ ճանապարհով չես բերի, Ջիւանի ճանապարհը շատ ազնիւ էր, էն, ինչ որ տեսայ էսօր էկրանին», վկայած է շարժապատկերի բեմադրիչ Վիգէն Չալդրանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.