
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 2014ին կ՛ամբողջանայ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 145ամեակը: Բանաստեղծի յոբելեանին առիթով «Ռոբերտ Սահակեանց փրոդաքշըն»ը կը պատրաստուի իր իւրայատուկ նուէրը մատուցելու՝ առաջին անգամ Թումանեանի մանկական բանաստեղծութիւնները պաստառի վրայ տեղադրելով։
«Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին բեմադրիչ Դաւիթ Սահակեանց յայտնած է, որ պաստառին վրայ տեղադրուելու պիտի պատրաստուի 13-14 բանաստեղծութիւն:
«Բանաստեղծութիւնները կը կարդան պրոֆեսիոնալ դերասանները, սակայն գաղափար կայ, որ որոշ բանաստեղծութիւններ կարդան հէնց երեխաները», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի մշակոյթի նախարարութեան ֆինանսաւորումով: